2015-08-04 09:30:00

ֆրանսայի եկեղեցիներու զանգակները պիտի հնչեն Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանսայի կաթողիկէ եկեղեցիներու զանգակները անընդհատ պիտի ղօղանջեն, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու զօրակցութեան ի նշան։ Նախաձեռնութիւնը պիտի սկսի շաբաթ օրը` 15 Օգոստոս ժամը 12-ին։ Եպիսկոպոսները հաւատացեալները հրաւիրեցին համախմբուիլ եկեղեցւոյ մուտքը ու լռութեամբ աղօթել, որպէս զօրակցութեան նշան Արեւելքի քրիստոնեաներուն`  որոնք կը հալածուին իրենց հաւատքին համար։

Իրաքի մէջ, փախստականները մարդասիրական օգնութիւններ կը ստանան, սակայն տուն վերադառնալու իրենց յոյսը օրէ օր կը նսեմանայ, կը մատնանշէ Պայոն թեմի առաջնորդը գերապայծառ Մարք Այէ, ընդգծելով թէ նոյնն է նաեւ  իրավիճակը Սուրիոյ քրիստոնեաներուն։

Զանգակները անընդհատ հնչեցնելու նպատակն է նշան մը տալ աղօթքի, հաւատքի ու խաղաղութեան։ Աստուածածնայ տօնը ընտրուեցաւ, որովհետեւ քրիստոնեան երբ կը նշմարէ որ չարը կը տիրէ, Ս. Կոյս  Մարիամին կը դիմէ` Ան խաղաղութեան Թագուհին, որուն շատ բարեպաշտ են Արեւելքի քրիստոնեաները։ Աղօթքը կարող է տապալել չարութեան, բաժանումի ու թշնամութեան պատերը։ Մեր բոլորիս աղօթքն է, որ Տիրամայրը յարուցէ մարդու ու աշխարհի մէջ քաղաքակրթութեան սէրը - յայտնած է գերապայծառ Այէ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.