2015-08-04 09:44:00

Նախագահ Սարգսեան պարգեւատրեց Համահայկական ամառնային 6-րդ խաղերու կազմակերպիչները


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Համահայկական ամառնային վեցերորդ խաղերու կազմակերպիչները, հովանաւորները եւ պատուոյ հիւրերը: Նախագահին նստավայրին մէջ ի պատիւ հիւրերուն տեղի ունեցած ընդունելութենէն առաջ, տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն:

Համահայկական վեցերորդ խաղերու կազմակերպման գործին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրումին համար Հանրապետութեան նախագահի հրամանագիրներով խումբ մը անձեր պարգեւատրուեցան Երախտագիտութեան մետալով: Նախագահին կարգադրութեամբ խումբ մը անձեր ալ պարգեւատրուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի շնորհակալագիրով` համահայկական վեցերորդ խաղերու նախապատրաստման եւ կայացման աշխատանքներուն մէջ ունեցած գործուն մասնակցութեան համար:

Սերժ Սարգսեան երէկ նաեւ պարգեւատրեց երգչուհի Սիպիլը: Պոլսահայ երգչուհին իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ երէկ գրած էր. «Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ այսօր պարգեւատրուած  եմ երախտագիտութեան մետալով: Շատ ուրախ եւ զգացուած եմ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.