2015-08-04 11:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը խորան ծառայող պատանիներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) 2-8 Օգոստոս 2015, շուրջ տասը հազար խորան ծառայող, 14 – 30 տարեկան եւրոպայի  զանազան Քաղաքներէն  պատանիներ ու երիտասարդներ, ժամանած են Հռոմ`  միջազգային 11-րդ ուխտագնացութեան առթիւ, կազմակերպուած ''Coetus Internationalis Ministrantium'', խորան ծառայողներու պատրաստութեան ընկերակցութեան կողմէ։

Վերոնշեալ ուխտագնացութիւնը տեղի կ՛ունենայ հինգ տարին անգամ մը ու այս տարուայ որպէս բնաբանն ընտրուած է  ''Ահաւասիկ եմ. Զիս ուղարկէ''։

Երեքշաբթի` 4 օգոստոսի երեկոյեան  խորանի սպասաւորները, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, տօնախմբումի եւ աղօթքի պահ մը պիտի ապրին որուն գագաթնակէտը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումը։

Յայտագիրը կը նախատեսէ, երաժշտական ելոյթներ եւ վկայութիւններ ապա Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ ժամասացութիւն։

Ուխտագնացութիւնը կազմակերպիչ ընկերակցութեան նախագահ` գերապայծառ Լատիզլաւ Նեմեթ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց թէ այս տարուայ ուխտագնացութեան բնաբանը ընտրուած է հիմնուելով Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին վրայ` դուրս ելլելու եւ ընթանալու դէպի արուարձանները։ Այս պարագային Արուարձանի սահմանում մը գոյութիւն չունի, արուարձանը կարելի է գտնել նաեւ Հռոմի կեդրոնը – յայտնեց գերապայծառ Նեմեթ – նշելով թէ արուարձանը այն վայրերն են ուր մարդիկը պէտք ունին Յիսուսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.