2015-08-03 10:03:00

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի մահուան քառասունքին առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Ընդառաջելով նորընտիր կաթողիկոս պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի խնդրանքին, աշխարհի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներու եւ վանքերու մէջ, 2 օգոստոս 2015-ին, տեղի ունեցան սուրբ պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն երջանկայիշատակ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի հոգւոյն համար, անոր մահուան քառասունքին առթիւ:

Կիրակի 2 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Լիբանանու Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ եւս մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ զոր գլխաւորեց գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանը՝ ժողովրդապետ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ, ու ապա հոգեհանգստեան պաշտօն`զոր նախագահեց օրուան խօսքը փոխանցելով Արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեան` վաստակաւոր առաջնորդը Հիւսիսային Ամերիկայի թեմին: Խորանին ծառայեց նաեւ արժանապատիւ Տէր Կարապետ քահանայ Թադէոսեան:

Երգեցողութիւնը կատարեցին «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը եւ «Կիլիկիա» ժողովրդապետական երգչախումբը միասին:

Գերապայծառ հայրը իր խօսքին մէջ վերյիշեց երջանկայիշատակ հայրապետին մանաւանդ անոր հոգեւոր յատկութիւնները եւ ըսաւ թէ ան «հոգեւոր կեանքը կը նկատէր իբր կենսական ու անփոխարինելի պայման եկեղեցականի մը կոչումին ու առաքելութեան արդիւնաբերումին: Ան չէր կրնար պահ մը իսկ երեւակայել թէ քահանայ մը կրնայ յաւակնիլ ըլլալ Քրիստոսի աշակերտ եւ առաքեալ, առանց աղօթքը  դարձնելու իր կեանքին բեւերը, կորիզն ու սնունդը: Եւ այդ ցոյց կու տար իր յաւատարմութեամբը սուրբ Պատարագի առօրեայ մատուցումին եւ ժամերգութեան: Ծայր աստիճանի բծախնդիր էր ծիսական կեանքին հարազատ պահպանումին ու գործադրութեան, զայն նկատելով քրիստոնեայ հասարակութեան պաշտամունքային կեանքին լիակատար ապրումին բարձրագոյն արտայայտութիւնը»:

Սուրբ Պատարագի աւարտին հաւատացեալները ցաւակցութիւններ յայտնեցին Արհիապատիւ գերապայծառ հօր: 








All the contents on this site are copyrighted ©.