2015-08-01 10:28:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցութիւնը Մեքսիքոյի մէջ պատահած արկածի ի լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 30 յուլիսին, Մեքսիքոյի Ծաքաթէքաս  նահանգի մէջ գտնուող Մազաբիլ անուան քաղաքի՝ պաշտպան սուրբի տօնի առթիւ կազմակերպուած  ուխտագնացութեան ընթացքին, բեռնատար ինքնաշարժի մը  արկածի հետեւանքով  զոհ ինկան 20 անմեղ հաւատացեալներ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ։ Սոյն ողբերգական արկածին  ի լուր ,  շաբաթ, 1 օգոստոսին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փարոլին յանուն Ֆրանչիսկսո Պապի ցաւակցական հեռագիր յղեց Ծաքաթէքաս թեմի եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Սիկիֆրէտօ Պարսէլոյի, որուն մէջ յայտնեց  Սրբազան Քահանայապետի վիշտն ու ցաւը արկածին պատճառող զոհերուն եւ վիրաւորներուն համար։

 Կարդինալ Փարոլին, հեռագիրին մէջ յայտնած է   Ֆրանչիկսոս Պապի մօտիկութիւնը

անմեղ զոհերուն ընտանեկան պարագաներուն ինչպէս նաեւ  Նորին Սրբութեան մաղթանքը վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինումի համար։

Ապահովելով Սրբազան Հօր աղօթքը զոհերուն հոգիներու համար­  ծիրանաւորը  հեռագիրը աւարտած է Ֆրանչիսկոս Պապի Առաքելական օրհնութեամբ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.