2015-08-01 12:25:00

Ուաշինկթըն կ՛ուզէ Քրտական խաղաղութեան հոլովոյթին վերականգնումը


«Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը լրագրողներուն յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն, որ Թուրքիա եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) վերականգնեն քրտական հարցի լուծման խաղաղութեան հոլովոյթը, որ մագլցում արձանագրող բռնարարքներուն պատճառով կանգ առած է:

«Մենք (քրտական հարցի) լուծման կամ աւելի ճիշդ խաղաղութեան հոլովոյթի վերադարձ կ՛ուզենք տեսնել», ըսած է ան` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Թուրքիա-ՔԱԿ խաղաղութեան հոլովոյթը վերջին բռնարարքներուն պատճառով ամբողջովին տապալա՞ծ է, թէ՞ ոչ:

Պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքի ամերիկացի պատուիրակ Պրեթ ՄքԿըրք կը գտնուի Անգարա` թրքական կառավարութեան հետ քննարկելու շարք մը հարցեր, ներառեալ` ՔԱԿ-ի հետ լարուածութիւնը:

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ Հիւսիսային Իրաքի մէջ ՔԱԿ-ի դիրքերուն դէմ թրքական յարձակումներուն վերաբերեալ Իրաքի կառավարութեան «ժխտական» կեցուածքը «յուսախաբութիւն կը պատճառէ»: Յիշեցնենք, որ իրաքեան կառավարութիւնը այդ յարձակումները «Իրաքի գերիշխանութեան դէմ վտանգաւոր ոտնձգութիւն» նկատած էր:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ այսօր Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան պատճառով իր երկրին եւ միջազգային հանրութեան անվտանգութիւնը վտանգուած է:

«Դժբախտաբար սուրիական վարչակարգը իր ժողովուրդին դէմ պատերազմին մէջ կը դիմէ տարատեսակ ստոր միջոցներու, նախ եւ առաջ քիմիական զէնքերու, հեռահար հրթիռներու եւ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու», ընդգծեց Էրտողան:

Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Տիգրանակերտի հանրապետական դատախազութիւնը հետաքննութեան սկսած է Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ, երեսփոխան Սելահաթթին Տեմիրթաշի դէմ: Հետաքննութեան ծիրին մէջ պիտի ուսումնասիրուին 6-8 հոկտեմբեր 2014-ի դէպքերը:

Տեմիրթաշի դէմ հետաքննութիւնը պիտի ընթանայ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի «Հանրային խաղաղութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւններ» բաժինի 214/2 կէտով, որ կ՛ենթադրէ «ժողովուրդին մէկ մասը միւս մասին դէմ զինեալ սադրանքի ենթարկել»:

Եթէ դատախազութիւնը որոշում տայ, որ Տեմիրթաշի գործին մէջ կան յանցանքի տարրեր, ապա պիտի դիմէ Թուրքիոյ խորհրդարանին` քիւրտ քաղաքական գործիչին անձեռնմխելիութիւնը վերցնելու պահանջով: Դատ բացուելու պարագային, քրտական կուսակցութեան ղեկավարը կրնայ մինչեւ 24 տարի բանտարկութեան դատապարտուիլ:

6 հոկտեմբեր 2014-ին Արաբ Բունարի դէմ ՏԱՀԵՇ-ի յարձակումը դատապարտող Տեմիրթաշի խօսքէն ետք, Թուրքիոյ մէջ ընդվզումներու ալիք սկսած էր: Ան իր խօսքին մէջ ըսած էր.«Քոպանիի կոտորածներէն ետք կոչ կ՛ուղղենք 7-70 տարեկան ամբողջ ժողովուրդին դուրս գալու փողոց, գրաւել հրապարակներն ու գործողութիւններու անցնիլ: Այսուհետեւ ամէն տեղ Քոպանի է»:

6-8 հոկտեմբեր 2014-ին տեղի ունեցած ընդվզումներու եւ ցոյցերուն պատճառով զոհուած էին 2 ոստիկաններ, 33 քաղաքացիներ, իսկ 139 ոստիկաններ եւ 212 քաղաքացիներ վիրաւորուած էին: Հրկիզուած եւ վնասուած էին մեծ թիւով ինքնաշարժներ:

Մինչ այդ, «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ ՔԱԿ-ի զինեալներ յարձակում գործած են Փոզանթը գաւառի անվտանգութեան վարչութեան շէնքին դէմ:

Յարձակումին ատեն արձանագրուած փոխադարձ հրացանաձգութեան ընթացքին սպաննուած են երկու ոստիկաններ եւ երկու զինեալներ: Վերջիններուս ձեռքերուն մէջ գտնուող ռումբերը կարելի եղած է վնասազերծել:








All the contents on this site are copyrighted ©.