(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ստորաբաժանուած են ''ընդհանրական եւ միսիոնարական'' աղօթքի դիտաւորութիւններ կրող բնաբաններով, 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ։
2015-ի Օգոստոս ամսուայ որպէս աղօթքի դիտաւորութիւն, Նորին Սրբութիւնը ընտրած է.
''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի` անոնք որոնք կը գործեն կամաւորական աշխարհէն ներս յանձնառու ըլլան վեհանձնութեամբ ծառայելու կարիքաւորներուն''։
Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի մենք մեզմէ դուրս ելլելով գիտնանք մօտիկ ըլլալ անոնց հանդէպ որոնք կը գտնուին մարդկային եւ ընկերային յարաբերութիւններու արուարձաններուն մէջ''։
All the contents on this site are copyrighted ©. |