2015-07-31 09:25:00

Ս. Հոգւոյն մէջ բարենորոգում շարժումի ազգային ուխտագնացութիւնը դէպի Ս. Երկիր ։


(Ռատիօ Վատիկան) 30 Յուլիսէն 6 Օգոստոս 2015,  Ս. Հոգւոյն մէջ բարենորոգում շարժումը կազմակերպած է ազգային ուխտագնացութիւնը դէպի Ս. Երկիր  ''Ս. Երկրին մէջ ընտանիքին հետ եւ ընտանիքին համար'' նիւթով։

Այս տարի եւս Ս. Հոգւոյ բարենորոգում շարժումը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը ուխտագնացութիւն կազմակերպելով դէպի ս. Երկիր։ 100 ուխտաւորներուն առիթ կը տրուի վերանորոգելու իրենց հաւատքը ընթանալով մարգարէներու, Յիսուսի ու քրիստոնեայ առաջին հասարակութեան շաւիղով, Նազարէթէն Երուսաղէմ։

Մէկ Օգոստոս 2015-ին, Յորդանան գետի ափին (Yardenit), ուխտաւորները ձիթենեաց ծառ մը պիտի տնկեն յանուն Ս. Հոգւոյ բարենորոգում շարժումին։ Անոնք ապա առիթ պիտի ունենան աղօթելու Ս. Երկրի խաղաղութեան համար եւ հանդիպում ունենալու տեղացի քրիստոնեաներուն ու Երուսաղէմի Թուալ պատրիարքին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.