2015-07-31 08:53:00

ՄԱԿ հաշուած է 21-րդ դարու վերջաւորութեան երկրին բնակչութեան թիւը։


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ՄԱԿ-ի ժողովրդագրական զեկուցումին համաձայն, 2030-ին երկիր մոլորակի բնակչութեան թիւը պիտի հասնի 8,5 միլիառի, իսկ 2050-ին` 9,7 միլիառի: Ներկայիս աշխարհի բնակչութեան թիւը շուրջ 7,3 միլիառ է:

Փորձագէտներու հաշուարկներուն համաձայն, 2022-ին Հնդկաստանը իր բնակչութեան թիւով պիտի գերազանցէ Չինաստանը, իսկ 2050-ին Նիկերիան պիտի դառնայ աշխարհի երրորդ ամէնէն շատ բնակչութեամբ երկիրը` այդ ցուցանիշով շրջանցելով Միացեալ Նահանգները:

Զեկուցումին համաձայն, 2050-ին աշխարհի վրայ 60 տարեկանէն մեծ մարդոց թիւը պիտի կրկնապատկուի, իսկ Եւրոպայի մէջ տարեց մարդոց թիւը պիտի գերազանցէ 34 առ հարիւրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.