2015-07-31 13:09:00

Լիակատար ներողութիւն ''Ինիացեան'' ուղեւորութեան ուխտաւորներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկու հրամանագիրերով, հրատարակած Առաքելական Ողորմնաբաշխութեան գրասենեակէն, լիակատար ներում շնորհեց բոլոր այն ուխտաւորներուն որոնք` Յիսուսեան Միաբանութեան հիմնադիր` Սուրբ Ինգնատիոս Լոյոլայի նուիրուած յոբելենական տարւոյն առթիւ` զոր սկիզբ առաւ այսօր, Սուրբ Լոյոլայի տօնին օրը, Սպանիայի Լոյոլայի եւ Մանրէսայի Սրբավայրերը կ՛այցելեն։

Նորին Սրբութիւնը հրաւէր կ՛ուղղէ ուխտաւորներուն հետեւելու Լոյոլայի քայլերուն հանդիպելու համար ողորմած Յիսուսին։ Ինիացեան ուղեւորութեան բացումը կատարուած է` 2012-ին ու կ՛ընդգրկէ Յիսուսեան Միաբանութեան հիմնադիր հօր հոգեւոր եւ  աշխարհագրական 700 քլմ բաղկացած երթը։

Սրբազան Հայրը յաճախ մատնանշած է թէ քրիստոնէական ուղեւորութիւնը մեզ կը մղէ մենք մեզմէ դուրս ելլելու ու մեր կեանքին որպէս կեդրոն դնելու Յիսուսը։

Սրբազան Հայրը կը հրաւիրէ քալելու հասարակութեան ու բարեկամներուն հետ։ Քրիստոնեան կղզիացած անձ մը չէ։ Քրիստոսի կեդրոնականութեան առընչուած է Եկեղեցւոյ կեդրոնականութիւնը։ Կարելի չէ Քրիստոսին հետեւիլ եթէ ոչ եկեղեցւոյ մէջ ու եկեղեցւոյ հետ։

Սուրբ Ինգնատիոսի ուղեւորութիւնը կը դիմէ միշտ Աստուծոյ փնտռտուքին։  Ապաշխարութեան խոր ուղեւորութիւն մը որ մեզի կը մղէ հարցադրելու ''Քրիստոսը ընտրա՞ծ եմ իմ կեանքիս որպէս կեդրոն''։ Մեղաւորներու եւ տկար անձերու ուղեւորութիւն մը` որոնք կը փափաքին Քրիստոսով հրապուրուիլ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.