2015-07-31 09:15:00

Աւելի քան 100 միլիոն քրիստոնեաներ հալածուած են աշխարհի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Իտալական Քարիթասը վերջերս հրապարակած է թղթածրար մը  ‘’հալածուած քրիստոնեաներ. ընդմէջ ահաբեկչութեան ու պարտադիր գաղթականութեան’’ վերտառութեամբ, որուն ընդմէջէն ի յայտ կու գայ որ աշխարհի մէջ աւելի քան 100 միլիոն քրիստոնեաներ զոհ են խտրականութեան, հալածանքի ու բռնութիւններու, գործադրուած  բռնատիրական վարչաձեւերէն կամ այլ կրօններու հետեւորդներէն։ Միմիայն հիւսիսային Քուրիայի մէջ կան 50-70 հազար կալանուած քրիստոնեաներ։ Ապա Սոմալիայի, Իրաքի, Սուրիոյ, Աֆղանիստանի, Սուտանի, Իրանի ու այլ երկիրներու մէջ կան հազարաւոր քրիստոնեաներ որոնք թիրախ են պէսպէս հալածանքի։

Նոյեմբեր 2013- 31 Հոկտեմբեր 2014, աւելի քան 4.300 քրիստոնեաներ սպաննուեցան իրենց հաւատքին համար եւ նոյն պատճառի համար աւելի քան հազար եկեղեցիներ յարձակումի ենթարկուեցան։ Նոյնպէս կրօնական ու ցեղային փոքրամասնութիւնները զոհ են անհանդուրժողութեան։ Այս տխուր իրականութեան ի տես յաճախ միջազգային հասարակութիւնը լռութիւն կը պահէ։ Իտալական Քարիթասի թղթածրարը կը նպատակադրէ ձայն տալ անհամար քրիստոնեաներու լուր վկայութեան, որոնք հակառակ հալածանքին կ՛ուզեն պահպանել իրենց քրիստոնէական հաւատքը, նոյնիսկ վտանգի մատնելով իրենց կեանքը։ Իտալական Քարիթասը մեծ յանձնառումով նեցուկ կ՛ուզէ կանգնիլ Իրաքի մէջ հալածուած քրիստոնեաներուն, ուր առարկայական  օգնութիւնը կը հասնի նաեւ Եազիտի փոքրամասնութեան։ Թղթածրարը ի յայտ կը դնէ որ յաճախ կրօնական պատերազմի ետին թաքնուած են քաղաքական թէ տնտեսական շահեր։ Հալածուած քրիստոնեաներու ահաւոր թիւին ի տես իտալական Քարիթասի տնօրէնը` գերապայծառ Սոտու, որ անցեալ Հոկտեմբերին Էրպիլ այցելեց, հետեւեալ մեկնաբանութիւնը կու տայ. ''Միջազգային հասարակութեան լռութիւնը ինքնին պերճախօս է ու մեզի համար խիստ մտահոգիչ։ Մենք որպէս քրիստոնեաներ պարտականութիւնը ունինք օգնութեան հասնելու մեր եղբայրներուն։ Էրպիլ կատարած այցելութեան ընթացքին տեղացի քրիստոնեաները մեզմէ խնդրեցին որ չմոռնանք զանոնք։ Իտալական եկեղեցին խոստացած է 15 Օգոստոսին` Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին օրը, յատուկ աղօթք մը կատարել  Իրաքի հալածուած քրիստոնեաներուն համար։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յաճախ բանբերը հանդիսացած է հալածուած քրիստոնեաներուն։ Անցեալ 15 Մարտին, Հրեշտակ Տեառն աղօթքին ընթացքին, սրտաճմլիկ կոչ մը ուղղած է ըսելով ‘’կը խնդրեմ որ  քրիստոնեաներու դէմ գործադրուած հալածանքը, որ աշխարհը կը ջանայ ծածուկ պահել, վերջ դրուի ու խաղաղութիւնը վերահաստատուի’’։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.