2015-07-31 09:01:00

«Սփիւռք» ամառնային դպրոցին մասնակիցները այցելեցին Սփիւռքի նախարարութիւն։


Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին նախաձեռնած` սփիւռքահայ լրագրողներու ամառնային դպրոցի դասընթացքներուն ծիրին մէջ, չորեքշաբթի, 29 յուլիսին օրակարգը սկսաւ «Արմէնփրես» լրատու  գործակալութեան տնօրէն Արամ Անանեանի լրագրողի վարպետութեան մասին զեկուցումով: Ապա` Երեւանի պետական համալսարանի Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի փոխտնօրէն դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան զեկուցեց համացանցին մէջ հայագիտութեան արդի մարտահրաւէրներուն մասին: Յովհաննիսեանի ելոյթին աւարտով` տարբեր երկիրներէ Հայաստան հասած լրագրողներու ամառնային դպրոցի մասնակիցները Երեւանի պետական համալսարանին կողմէ ռուսերէնով, հայերէնով, անգլերէնով ու ֆրանսերէնով ազգային թեմաներով գիրքեր նուէր ստացան: Անկէ ետք Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան խօսեցաւ պատերազմական լրատուութեան մասին: Սփիւռքահայ լրագրողներու դասընթացքային օրակարգը աւարտեցաւ Հայաստանի պատմութեան թանգարանին այցելութեամբ: Իսկ հինգշաբթի, 30 յուլիսին սփիւռքահայ լրագրողները Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեանի հետ հանդիպում ունեցան: Հանդիպումին ընթացքին ամառնային դպրոցին ծրագրման շուրջ քննարկում կատարուեցաւ եւ յառաջիկայ տարուան համար առաջարկներ ներկայացուեցան: Յետոյ պաշտպանութեան նախարարի խորհրդական, զինուորական փորձագէտ Դաւիթ Ջամալեանի հետ հանդիպում տեղի ունեցաւ: Ջամալեան ներկայացուց հրատարակուած իր նոր գիրքը: Ապա` ծրագիրի մասնակիցները սփիւռքի նախարարութիւն այցելեցին եւ այնտեղ նախարարութեան գործունէութեան վերաբերեալ տեսանիւթ դիտեցին: Մասնակիցները հանդիպում ունեցան սփիւռքի նախարարի տեղակալին` Վահագն Մելիքեանի հետ, որ խօսեցաւ սփիւռքի մէջ լրագրողներու աշխատանքին կարեւորութեան մասին: Ըստ Մելիքեանի, արտասահմանեան հայ լրագրողները մեծ դերակատարութիւն կրնան ունենալ, երբ անոնք լաւատեղեակ են քաղաքական եւ այլ մարզերու հարցերէն: Մելիքեանի հետ հանդիպումէն ետք մասնակիցները այցելեցին պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի ընկերութիւն, ուր անոնք ծանօթացան տարբեր բաժանմունքներուն եւ լրագրողներուն: Լրագրողները ականատես եղան ուղիղ սփռումով լրատուութեան եւ անոնցմէ քանի մը հոգիին հետ հարցազրոյց կատարուեցաւ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.