2015-07-30 09:26:00

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը այցելեց Թեհրան


12 տարիէ ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինը ըլլալով` Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս երէկ այցելեց Թեհրան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ: Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը Իրանի նախագահին յանձնեց նոյեմբերին Փարիզ այցելելու Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հրաւէրը:

Իր իրանցի պաշտօնակից Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ֆապիւս ըսաւ, որ այդ այցելութեամբ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կը վերականգնին եւ յայտարարեց, որ Իրանի հետ տարբեր մարզերու մէջ պիտի ըլլան փոխադարձ գործակցութիւններ, որոնք մօտիկ ապագային յայտնի պիտի դառնան: Ան նաեւ նշեց, որ սեպտեմբերին կը նախատեսուի ֆրանսացի նախարարներու եւ ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներու այցելութիւնը Իրան:

Ֆապիւս Իրան այցելելէ առաջ յայտնած էր, որ իրանցի պաշտօնատարներուն հետ պիտի արծարծէ տարբեր հարցեր, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ ապահովութեան եւ խաղաղութեան հարցը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.