2015-07-30 09:35:00

''Ողորմութեան'' նիւթը շատ սիրելի է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը արդէն երբ եպիսկոպոս էր  ընտրած էր որպէս նշանաբան ''ողորմութեան աչքով'' մէջբերում մը` առնուած սուրբ Պետայի քարոզներէն, որ իր կարգին մեկնաբանելով Մատթէոս աւետարանիչին կոչումը կը գրէ. ''Յիսուս տեսաւ մաքսաւոր մը, սիրոյ զգացումէն շարժելով, ընտրեց զայն եւ ըսաւ անոր. Հետեւէ ինծի''։ Այս քարոզը մեծարանք մըն է աստուածային ողորմութեան։ Իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք, առաջին Հրեշտակ Տեառն կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքին, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ. ‘’Ողորմութիւն  զգալ’’, այս բառը ամէն բան կը փոխէ։ Լաւագոյն բանը որ անհատ մը կարող է լսել, աշխարհը կը բարեփոխէ։ Քիչ մը ողորմութիւն աշխարհը կը դարձնէ նուազ ցուրտ եւ աւելի արդար։ Կարեւոր է լաւ ըմբռնել նշանակութիւնը աստուածային ողորմութեան, այս ողորմած Հայրը, որ շատ համբերատար է։ (17 Մարտ 2013).

11 Յունուար 2015-ի` Մարեմեան աղօթքին Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց. ''Այսօր ողորմութեան շատ կարիք կայ, շատ կարեւոր է որ հաւատացեալ աշխարհականները ապրին զայն ու տարածեն ընկերային զանազան վայրերու ու խաւերուն  մէջ։  Մենք կ՛ապրինք ողորմութեան ժամանակը, ասիկա ողորմութեան ժամանակ է։ 2015-ի Քառասնորդացի պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ. Ո՜րքան կը բաղձամ, որ  Եկեղեցին, ժողովրդապետութիւնը, մեր հաւաքոյթները դառնան վայրը ողորմութեան` կղզիներ անտարբերութեան ովկիանոսին մէջ։

Նշենք` ''Աւետարանի ուրախութիւնը'' առաքելական յորդորագիրին մէջ ‘ողորմութիւն’ բառը 31 անգամներ կը յիշուի։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 2015-2016 տարեշրջանը հռչակեց ''Ողորմութեան ս. Տարի'' ու անոր ծիրէն ներս կազմակերպուելիք ձեռնարկներու եւ արարողութիւններու իրագործումը յանձնեց աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.