2015-07-30 09:13:00

''Միջավայրը, Մարդը եւ Աստուած «Laudato si’» շրջաբերական թուղթին տեսութեան մէջ''


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետը կը հրաւիրէ հաւատացեալը ու բարի կամք ունեցող մարդիկը լրջօրէն խորհրդածել կեանքի արժէքի նշանակութեան մասին, կը գրէ գերապայծառ  Giampietro Dal  Toso քարտուղարը Վատիկանի ''մէկ Սիրտ'' կոչուած բարեսիրական մարմնին, Օսսերվաթորէ Ռոմանօ` Վատիկանեան օրաթերթին մէջ։

Քրիստոնեայի տեսութիւնը զինք շրջապատող տիեզերքի մասին` բնական միջավայրը ու մարդկային միջավայրը, կ՛անցնի Քրիստոսի զատկական խորհուրդէն` Քրիստոսի մահով ու անոր յարութեամբ։

Պօղոս առաքեալը Կողոսացիներուն ուղղած թուղթին մէջ կը գրէ.

''Քրիստոսով հաստատուեցաւ ամէն բան երկինքի մէջ ու երկրի վրայ...Ամէն բան ստեղծուեցաւ անով եւ անոր համար։ Ան ամէն բանէ առաջ է  եւ ամէն ինչ անով գոյացաւ։ Երբ շրջաբերական թուղթը կը խօսի տիեզերական ներդաշնակութեան մասին, մեզի կը յիշեցնէ որ բոլոր արարչագործութիւնը կը խօսի Քրիստոսի մասին։ Ամէն ինչ ստեղծուեցաւ մեզի որպէս պարգեւ։ Մարդը  ինքզինք լիովին կ՛իրականացնէ երբ ինքզինք կու տայ ուրիշին։ Մենք եղած ենք մենք մեզ պահպանելու ու տալու։ Քրիստոս մեռաւ  կեանքի վերադառնալու համար։ Յիսուս անձամբ կը հաստատէ այս սկզբունքը երբ օրինակը  կու տայ ցորենի հատիկին, անիկա կը մեռնի որպէսզի շատ պտուղ տայ։ Մարդը եղած է ուրիշին բացուելու համար,  նախ Աստուծոյ, եղբօրը ու ապա միջավայրին։

Շրջաբերական թուղթը կը բացայայտէ թէ բնապահպանութիւնը պէտք է դիտել աստուածաբանական ու քրիստոսաբանական հայեացքով։ Երբ Քրիստոս կը մեռնի ամէն ինչ կը խաւարի։ Կարելի չէ տնկել ծառ մը առանց արմատի։  Առանց աստուածաբանական մօտեցումի միջավայրին հանդէպ մեր նկատողութիւնը  կը դառնայ լոկ գաղափար մը որ պէտք է պարտադրել իրականութեան վրայ։ Պատահական չէ որ կարգ մը պայմաններու մէջ անասունի մը կեանքը կը թուի աւելի կարեւոր մարդու մը կեանքին։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այս շրջաբերական թուղթին մէջ կը մղէ  մարդու ձայնը միանալու  արարչագործութեան ձայնին որ կը հռչակէ Աստուծոյ փառքը ‘’Քրիստոսով, Քրիստոսի հետ եւ Քրիստոսի մէջ’’։ Արեւմուտքի մշակոյթը կը ծնանի Աւետարանէն եւ արօրէն, այսինքն վանականներու ներկայութենէն, որոնք հողը մշակեցին, բարեփոխեցին միջավայրը, զարգացուցին գրականութիւնը, Աւետարանը քարոզեցին։ Այս բոլոր տարրերէն ծնունդ առաւ մշակոյթը։ Ուստի բնական միջավայրը, մարդը, Աստուած իրարու ներհակ չեն , այլ միասնաբար կ՛ընթանան` մէկը միւսին համար։ Պատմութեան  հոլովոյթին կարող եղանք ստեղծել մշակոյթ, բարգաւաճումի տիպարներ, ու զարգացնել մարդը` Աւետարանի ոգիով։ Այսօր կարող ենք կրկնել այդ ընթացքը, աշխարհի մը մէջ որ արագօրէն ու արմատականօրէն կը փոխուի։

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը շրջաբերական թուղթին մէջ կը խօսի հասարակաց տան մասին. Քրիստոնէական փորձառութիւնը յառաջ կու գայ հանդիպումէն որ է սիրոյ փորձառութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.