2015-07-29 10:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ունկնդրութիւնները կը վերսկսին 5 օգոստոսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Ինչպէս յայտնած էր Քահանայապեատական տան հոգաբարձութիւնը, Յուլիս ամսուայ ընթացքին ընդհատուած են Ֆրանչիսկոս Պապին պաշտօնական գործունէութիւնները ներառեալ առաւօտեան Սուրբ պատարագներու հաւատացեալներու մասնակցութիւնը եւ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնները, որոնք սկիզբ կ՛առնեն օգոստոսի 5-ին եւ տեղի կ՛ունենան Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ։ Այս շրջանին Նորին Սրբութիւնը շարունակեց սակայն կատարել` Կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքները եւ այդ աղօթքի ընթացքին նախատեսուած կիրակնօրեայ խորհրդածութիւնները։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապ Յուլիսի սկիզբը (5-13)  առաքելական ճամբորդութեամբ այցելեց Լատին ամերիկայի երեք երկիրներ` Էքուատորը, Պոլիվիան ու Փարակուէյը եւ յուլիսի երկրորդ կէսը յատկացուց հանգստեան, մնալով միշտ Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի բնակարանին մէջ եւ ուսումնասիրելով յաջորդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը` դէպի Քուպա եւ Միացեալ Նահանգներ Սեպտեմբերի վերջաւորութեան։

Յայտնենք նաեւ թէ այսօր կը նշուի Յիսուսեան Հայր Փաոլօ Տալլոլիոյի առեւանգումի երկրորդ տարեդարձը ու  թէ անցեալ կիրակի` 26 յուլիսին, Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ մը ուղղած էր անոր ազատագրումին համար ըսելով ''Սրտաբուխ կոչ կ՛ուղղեմ այս յարգուած կղերականին ազատագրումին ի սպաս։ Առանց մոռնալու նաեւ օրթոտոքս եպիսկոպոսները ու բոլոր այն անձերը որոնք առեւանգուեցան Սուրիոյ մէջ,  ընդհարումներու ընթացքին''։ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հրաւիրեց Սուրիական ու միջազգային իշխանութիւնները գործելու յանձնառութեամբ`  ''որպէսզի մեր այս եղբայրներուն շուտով վերադարձուի  ազատութիւնը''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.