2015-07-29 09:19:00

«Իրանի հետ յարաբերութիւնները պէտք է հիմնուած ըլլան գործակցութեան վրայ» ըսաւՄոկերինի


Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ այցելեց Թեհրան, ուր Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ պատժամիջոցներու վերացումէն ետք Իրան պիտի օգտուի եւրոպական ներդրումներէն` նշելով. «Իրանի հետ յարաբերութիւնները պէտք է հիմնուած ըլլան գործակցութեան եւ ոչ թէ դիմակայութեան վրայ»:

«Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրին գործադրութիւնը պատմական պիտի ըլլայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը դրական ազդեցութիւն ունի իրանցի ժողովուրդին վրայ եւ նշելով, որ համաձայնութեան գործադրութիւնը բոլորին առջեւ կը բանայ նոր հորիզոններ եւ կ՛ամրապնդէ Իրանի եւ միջազգային ընտանիքին միջեւ վստահութիւնը: «Եւրոպական Միութիւնը կը ձգտի Իրանի հետ յարաբերութեանց մէջ նոր էջ մը բանալու», յայտարարեց ան:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց Մոկերինիի` հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութեան գոյացման աշխատանքին յաջողութեան համար իր տարած ջանքերուն առնչութեամբ:

«Ներկայ ճգնաժամերը ոչ միայն շրջանին, այլ աշխարհին սպառնալիք են», ըսաւ ան` նշելով. «Ահաբեկչութիւնը շրջանին մէջ ստեղծեց անկայունութիւն մը եւ սկսաւ Եւրոպական Միութեան պետութիւններուն մէջ տարածուիլ»:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.