2015-07-28 09:49:00

Աստուծոյ հաւատացէք


«Կ՛ուսուցանէր անոնց եւ կ'ըսէր՝ գրուած է թէ ՝ Տունս պիտի կոչուի աղօթքի տուն բոլոր ազգերուն, եւ դուք ըրիք զայն վայր աւազակներուն»: (Մարկ 11, 17)

Մեր կեանքը լեցուն է թանկագին պահերով որոնք մեզ կը տանին հաւատքին եւ տարակոյսին միեւնոյն ժամանակ: Ժամանակը կարեւոր է քննելու, լուծելու եւ արդարացնելու համար: Ժամանակը որ յունարէն լեզուով կ'ըսուի ''քայիրոս'' , ոչ որպէս ժամանակագրութիւն, այլ որպէս ժամ փրկութեան, ինչպէս ցոյց կու տայ թզենիին պատկերը Սուրբ Աւետարանին մէջ: Յաճախ Քրիստոս գործածեց այս պտուղը իր ունկնդիրներուն եւ վկաներուն ապացուցանելու համար թէ Աստուած ամէն տեղ կը գտնուի եւ ամէնուն կը հասնի պէտք եղած պահուն:

Հրեաներուն համար, թզենին եղած էր խաղաղութեան եւ բարգաւաճումի նշան մը, եւ դեռ չէր հասած իր հասունութեան որովհետեւ փրկութեան ժամանակը տակաւին չէր հասած:

Յիսուսի առջեւ կը դրուի տաճարին մէջ եղած տաղտըղուկը երբ հրեաները զայն վաճառատուն դարձուցած էին, այսինքն գողերու եւ աղտոտ մարդոց հանգստավայր եւ հանդիպումի կեդրոն   : Տաճարը որուն մէջ կը գտնենք Աստուծոյ ներկայութիւնը այլեւս պտուղ չի տար:

Որքանով մենք ալ կը մոռնանք երբեմն Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր եկեղեցիներուն մէջ, երբ կը խօսինք, կը պոռանք, երբեմն ալ կ՛երգենք մոռնալով Աստուծոյ ներկայութիւնը եւ տաճարին սրբութիւնը: Մեր թզենին կը չորնայ մինչեւ իր արմատները որովհետեւ կ'անիծենք Հօր խօսքը որ մեզի համար այնքան կարեւոր կը մնայ:

Աստուծոյ խօսքը նախ եւ առաջ ստեղծագործուած է: Արդեօք Յիսուս ի՞նչ կը ստեղծէ քանի որ Իսրայէլի ժողովուրդը չկրցաւ ստեղծել սպասուած պտուղը, եւ անոր համար սպասելու է թզենիէն զատ ուրիշ պտուղ մը որ պիտի ըլլայ նոյնինքն Յիսուս Քրիստոսը որ քաղուեցաւ կիներէն եւ Յովհաննէս առաքեալէն խաչին տակը: Այս է նոր ստեղծագործութիւնը որ է փրկութեան ժամանակը:

Այսուհետեւ Աստուծոյ միանալով եւ Յիսուսի հետ նորաստեղծուելով պէտք չունինք այլեւս տաճար երթալու ուրիշ սրբութիւններ մատուցանելու համար: Անցեալը անցաւ եւ հասանք փրկագործութեան խորհուրդին:

Պետրոս առաքեալը ապշած ձեւով տեսաւ չորութիւնը թզենիին, Յիսուսին նայեցաւ որ իրեն ըսաւ. «Աստուծոյ հաւատայ» որովհետեւ Յիսուսը միշտ կը կատարէր այն խօսքերը զոր կ՛արտասանէր: Հոս Տէրը կը պահանջէ բոլորէս որ երբեք չկորսնցնենք մեր հաւատքը եւ երբեք չյուսահատիլ եւ աւելի խորունկ մտածումով մօտենալ իրեն: Մեզի յաճախ կը կրկնէ. «Ինչ որ աղօթքով կը խնդրէք, հաւատացէք որ զայն պիտի ունենաք», որովհետեւ Աստուած մեզի հետ կը վարուի երբ ուզէ եւ ինչպէս որ ուզէ եւ միշտ գործունեայ է մեզի հանդէպ... արդե՞օք կը հաւատանք իրեն:

Բայց Յիսուս կը շեշտէ ներողամտութեան վրայ երբ կ'ըսէ մեզի «Գնա նախ հաշտուէ քու եղբօրդ հետ ապա եկուր ընծադ ըրէ որպէսզի Հայրդ որ երկինքն է ներէ քու յանցանքներդ»:

Աղօթքը որքան ալ որ մեծ հաւատքով կատարուի պէտք է որ հարստացած ըլլայ եղբայրական սիրոյ շնորհքով: Խաչին պտուղը քաղելու համար պէտք ունինք ներելու մեր եղբօրը եւ մեր սիրտը փոխելու Յիսուսի կամքին համաձայն:

Ո՜վ Տէր, քեզի կը հաւատամ, կը հաւատամ քու խօսքերուդ, քեզի կը յանձնեմ իմ սրտիս գեղեցիկ դիտաւորութիւնները. օգնէ ինծի որպէսզի միշտ հաւատարիմ մնամ քու անձիդ եւ խօսքերուդ: Օգնէ ինծի որ հասկնամ քու ժամանակդ եւ ճշմարիտ ճանապարհդ որպէսզի միշտ հաւատարիմ մնամ ին տուած խոստումներուս: Ամէն:

 

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան  








All the contents on this site are copyrighted ©.