2015-07-27 10:17:00

Խորան ծառայողներու միջազգային ուխտագնացութիւնը դէպի Հռոմ:


(Ռատիօ Վատիկան) 2-8 Օգոստոս 2015 կը նախատեսուի շուրջ տասը հազար խորան ծառայող պատանիներու  ու պարմանուհիներու  միջազգային 11-րդ ուխտագնացութիւնը դէպի Հռոմ, կազմակերպութեամբ Coetus Internationalis Ministrantium, խորան ծառայողներու պատրաստութեան ընկերակցութեան։

Եւրոպայի զանազան երկիրներէն եկած անչափահաս ուխտաւորները առիթ պիտի ունենան փոխանակելու իրենց փորձառութիւնները, իրարու միջեւ բարեկամութիւն հաստատելու, մօտէն ճանչնալու Հռոմի ժողովրդապետութիւնները ու ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ աղօթելու։ Աւստրիոյ ուխտագնացութեան պատասխանատու Elisabeth Greil մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ. ''Այս ուխտագնացութիւնը եզակի առիթ մըն է ամրապնդելու խորան ծառայողներուն հաւատքը ու աւելի եռանդով շարունակելու ծառայել Աստուծոյ խորանին։ Այս ուխտագնացութեամբ խորանի սպասաւորները կը փորձարկեն իմաստը հաւաքական կեանքին եւ ուրախութիւնը քրիստոնէական պատկանելիութեան։

Երեքշաբթի 4 Օգոստոսին  խորանի սպասաւորները ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ պիտի աղօթեն, ասիկա նաեւ բարեպատեհ առիթ մը պիտի հանդիսանայ մօտէն իրար զիրար ճանչնալու։ Յայտնենք որ բազմաթիւ պատանիներ ու պարմանուհիներ  ուզեցին մասնակցիլ այս ուխտագնացութեան պարզապէս որովհետեւ հանդիպում պիտի ունենան Սրբազան Քահանայապետին հետ։  








All the contents on this site are copyrighted ©.