2015-07-27 11:23:00

Ամենապատիւ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի գահակալութիւնը 9 օգոստոսին։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ շաբաթ` 25 յուլիս 2015-ին, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերուն գումարած ընտրական սիւնհոդոսը, յայտարարեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց 20-րդ Պատրիարքի անունը յանձինս` Փարիզի Հայ կաթողիկէներու վաստակաւոր առաջնորդ`  Արհ Գրիգոր Եպիսկոպոս Կապրոյեանի որ ընտրեց Գրիգոր – Պետրոս Ի անունը։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ գահակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Զմմառու Պատրիարքական Աթոռ՝ Զմմառու Վանքին մէջ, յառաջիկայ կիրակի` 9 օգոստոս 2015-ի, կէսօրէ ետք ժամը 5-ին:

Յետ ընտրութեան եւ յայտարարութեան Ամենապատիւ տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի, 25 յուլիս 2015-ին, Ասորի կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատրիարք` Եունան եւ  Մարոնիթ եկեղեցւոյ Պատրիարք` կարդինալ Ռայի ու մարոնի եպիսկոպոսներ, հերթաբար այցելեցին նորընտիր Հոգեւոր Տէրը,  շնորհաւորելու նորընտրեալը եւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին: Նոյն օրը Լիբանանու մէջ Պապական նուիրակ` գերապայծառ Կապրիելէ Քաջջա այցելեց Սիւնհոդոսական հայրերը եւ շնորհաւորեց նորընտիր Պատրիարքը ու ապա անոնց հետ միասին բաժնեկցեցաւ եղբայրական սիրոյ ճաշը։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` ի լուր Գրիգոր – Պետրոս Ի ընտրութեան շնորհաւորագիր մը ուղղեց անոր որուն մէջ յայտնեց իր մեծ ուրախութիւնը­, ապա նորընտիր Պատրիարք Հօր շնորհեց`  ըստ կանոնի նոյնինքն Գրիգոր –Պետրոս Ի-էն խնդրուած ''եկեղեցական  հաղորդութիւնը''։ Շնորհաւորագիրին մէջ Սրբազան Պապը Նորընտիր Պատրիարքին առաքելութիւնը յանձնեց Յիսուս Քրիստոսին ու անոր Մօր Մարիամ Աստուածամօր հովանիին, ու իր առաքելական օրհնութիւնները փոխանցեց Պատրրիարքին ու համայն Պատրիարքութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.