2015-07-27 10:11:00

Բ. Կիրակի Վարդավառի Մտթ. ԺԹ, 1-12


« Թող ուրեմն մարդ չբաժնէ ինչ որ Աստուած միացուցած է»

                Պօղոս առաքեալի խօսքերը` Կորնթացիներուն ուղղած, ուսանելի են: Ասկէ աւելի բացայատ քարոզ չի կրնար ըլլալ քրիստոնէական պարկեշտութեան ու ժուժկալութեան վրայ: Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ` Քրիստոսի անդամ է: Հետեւաբար, Քրիստոսի անդամ ըլլալով պէտք է զգոյշ ըլլալ թէ Քրիստոսի անդամը պղծելով` Քրիստոին չ՛անարգէ:

Փարիսեցիները հիմնուելով Մովսիսական օրէնքի վրայ` Յիսուսի հարցում մը կ՛ուղղեն` գիտնալու համար թէ արդեօք թոյլ տրուած է՞ր թէ ո՛չ որոշ պարագաներու մէջ սեպհական կինէն բաժնուիլը եւ ուրիշ մը առնելը:

Այս նոյն հարցումը այսօր բազմաթիւ քրիստոնեաներ ալ կ՛ուղղեն, բայց պատասխանը այս հարցումին ուրիշ չի կրնար ըլլալ` եթէ ոչ այն ինչ որ Քրիստոս փարիսեցիներուն տուաւ, այսինքն թէ Աստուած սկիզբէն ի վեր ամուսնութիւնը անլուծանելի ըրաւ: Յիսուսի խօսքերը այս մասին բացայայտ են եւ ոեւէ տարակոյս չեն վերցներ: Ան կ՛ըսէ. « Թող ուրեմն մարդ չբաժնէ ինչ որ Աստուած միացուցած է»: Եւ կ՛աւելցնէ. « Ով որ իր կինը արձակէ առանց պոռնկութեան պատճառի եւ ուրիշ մը առնէ` կը շնայ»:

Առաքեալները լսելով Աստուածային Վարդապետին այս խիստ պատասխանը` ամուսնութեան անլուծանելիութեան մասին, տեսնելով միանգամայն ընտանեկան կեանքի դժուարութիւնները կ՛ըսեն Քրիստոսի. « Այն ատեն լաւ է չ՛ամուսնանալ»:

Յիսուս չի մերժեր աշակերտներուն ըսածը, եւ կ՛աւելցնէ թէ ամենուն տրուած չէ կուսակրօն կեանք վարելը: Ոմանք ծնած են առանց ցանկութեան, ուստի բնականաբար ամուսնութեան հակում չունին: Ուրիշներ մարդոց պատճառով չեն ամուսնանար: Ուրիշներ ալ կուսութիւն կ՛ուխտեն ամուսնութենէ կամաւորապէս հրաժարելով, այսինքն Աստուծոյ եւ հոգիներու սիրոյն համար: Ասոնք են քահանաները եւ կրօնաւորները:

Եթէ բաղդատելու ըլլանք կուսակրօն կեանքը ամուսնական կեանքի հետ, անկասկած առաջինը գերազանց եւ աւելի վսեմ վիճակ մըն է կատարելութեան, բայց քիչերը կ՛ըմբռնեն այս բաները:

Հիմնուելով Քրիստոսի վարդապետութեան եւ վերը առաջ բերուած պատճառներու վրայ` կրննք ըսել թէ ամէն ժամանակ, ամէն դարու մէջ եղած են վեհանձն հոգիներ, որոնք հրաժարելով աշխարհէ եւ անոր ունայն վայելքներէ` ընդգրկած են կուսակրօն կեանքը` կրօնաւորական եւ քահանայական վիճակին մէջ Աստուծոյ յատուկ կոչին համապատասխանելով: Աստուած բարձր եւ վսեմ կեանքի կը կանչէ այն մարդիկը, զորս կը սիրէ: Երանի՛ անոնց, որ Աստուծոյ այս նախասիրութեան առարկայ կ՛ըլլան:

Իւրաքանչիւր կուսակրօն քահանայ, իւրաքանչիւր կրօնաւոր, կամ կրօնաւորուհի որքան երախտապարտ ըլլալու է Աստուծոյ այս անգին պարգեւին համար, եւ ջանալու է պաշտօնին վերաբերեալ պարտականութիւնները ամենայն հաւատարմութեամբ կատարելու խոնարհ հոգւով` Աստուծոյ սիրոյն համար: Թո՛ղ գիտակից ըլլան գնահատելու եւ սիրելու իրենց կոչումը, անջատելով իրենց սիրտը աշխարհէ, եւ յիշեն թէ անոնք «լաւագոյն մասը ընտրած են»: 








All the contents on this site are copyrighted ©.