2015-07-27 10:58:00

«Կը փորձեն Հալէպը ծունկի բերել անոր բնակիչները ջուրէ զրկելու միջոցով» ըսաւ Ասատ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ սուրիական ժողովրդային կազմակերպութիւններու, արհեստակցական սենտիքաներու եւ առեւտուրի, հողագործութեան, ճարտարարուեստի եւ զբօսաշրջութեան սենտիքաներու ներկայացուցիչներուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը ներկայիս կը գտնուի ճակատագրական հանգրուանի մը մէջ, ուր միջին լուծումներ գոյութիւն չունին: Ան նշեց, որ գետնի վրայ ահաբեկչական արարքներու կշռոյթը կը բարձրացուի մղելու համար սուրիացիները, որ ընդունին իրենց վրայ պարտադրուած ընտրանքները կամ Սուրիոյ քանդումը ամբողջացնելու համար: «Կը փորձեն Հալէպը ծունկի բերել ուղղակի յարձակումի, ռմբակոծման եւ անոր բնակիչները ջուրէ զրկելու միջոցով», ըսաւ Ասատ:

Ան նշեց, որ քաղաքական որեւէ կողմ, որ խորագոյն կերպով ահաբեկչութեան վերջ տալու վրայ չի հիմնուիր, անիմաստ է: Ան կոչ ուղղեց Արեւմուտքի մէջ փոփոխութիւններուն վրայ գրաւ չդնելու եւ Իրան-Վեցեակ համաձայնութիւնը նկատեց Իրանի իսկական յաղթանակը` նշելով, որ իրանցի ժողովուրդին միասնականութիւնն է, որ իրագործեց այդ յաղթանակը:








All the contents on this site are copyrighted ©.