2015-07-23 12:29:00

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին պատգամը Անգլիոյ եպիսկոպոսներուն` կեանքի օրուան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կեանքի օրուան առթիւ, որ կը զուգադիպի ամէն տարի 26 Յուլիսին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր բարեմաղթութիւններն ու նեցուկը յայտնած է Անգլիոյ եւ Կալլէսի եպիսկոպոսներուն։

2015-ի կեանքի օրը նուիրուած է օրհասներուն եւ ունի որպէս նիւթ ''մշակել կեանքը եւ ընդունիլ մահը''։ Այս առթիւ ուղղած իր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ բոլոր այն անձերուն որոնք կը մասնակցին ''Կեանքի Օր'' ձեռնարկին եւ կ՛աշխատին ամէն անհատի արժանաւորութեան պահպանումի ի խնդիր, սաղմէն սկսեալ մինչեւ բնական մահը։

Անգլիացի Եպիսկոպոսները իրենց ընտրած նիւթով կը նպատակադրեն հաւատացեալներուն ուշադրութեան հրաւիրել ազգային ժողովի  մէջ քուէարկուելիք հեշտամահի առաջարկը, ներկայացուած Ռոբ Մառիսի կողմէ որուն հիմնական նպատակն է հիւանդ օրհասականներուն կարելի դարձնել հեշտամահի ընտրութիւնը։

Կեանքի օրուան առթիւ, անգլիացի եպիսկոպոսները Յունիսին հրապարակած իրենց պատգամին մէջ ուզեցին ընդգծել Եկեղեցւոյ երկու հիմնական կէտերը. առաջին` սխալ է արագացնել կամ դրդել մահը, որովհետեւ ''Տէրը պիտի կանչէ մեց պատշաճ պահուն''։ Երկրորդ` ընդգծել ՈՉ-ը մնայուն ու սաստիկ խնամատարութեան, երբ դարմանումը ապարդիւն է կամ վնասաբեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.