2015-07-10 09:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` ''Ունկնդրենք բացառուածներու ճիչը։ Ոչ ըսենք դրամապաշտութեան ''


(Ռատիօ Վատիկան) Պոլիվիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս­, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի` 9 յուլիսի յետմիջօրէին Պոլիվիայի ''Էքսփօ Ֆեյրա'' տօնավաճառի կեդրոնին մէջ  մասնակցեցաւ  Ժողովրդական շարժումներու համաշխարհային երկրորդ հանդիպումին ու ներկաներուն արտասանած ճառին մէջ յիշեցուց 2014ի հոկտեմբերին՝ Հռոմի մէջ տեղի ունեցած առաջին հանդիպումը Ժողովրդական Շարժումներու անդամներուն հետ։ Այդ հանդիպումը կատարուած էր եղբայրական, վճռակամութեան, յանձնառութեան եւ արդարութեան ծարաւի մթնոլորտին մէջ։ Այժմ այս երկրորդ հանդիպումը, ըստ Ֆրանչիսկոս Պապի, կը ծառայէ քննարկելու լաւագոյն կերպեր՝ գերազանցելու անարդարութեան ծանր պայմանները, որոնց տակ կը տանջուին բոլոր անոնք, որոնք աշխարհի մէջ մեկուսացուած են։

Սրբազան Պապը քանի մը կէտերու մէջ ներկայացուց իր պատգամը։

Առաջին կէտին մէջ շեշտեց՝ թէ կարիքը կայ փոփոխութեան։ Հարցը կը հայի Լատին-Ամերիկայի բոլոր ժողովուրդին եւ ամբողջ մարդկութեան հասարակաց խնդիրներուն։ Խնդիրներ, որոնք ունին համաշխարհային բնոյթ, եւ այսօր ոչ ոք կարող գտնուած է այդ խնդիրներուն առանձնաբար լուծում գտնելու։

Ֆրանչիսկոս Պապ հարց տուաւ՝

- Արդեօք գիտակի՞ց ենք, որ աշխարհի վրայ շատ բաներ լաւ չեն ընթանար, ուր բազմաթիւ քաղաքացիներ առանց հողի են, բազմաթիւ ընտանիքներ՝ առանց բնակարանի, բազմաթիւ աշխատաւորներ՝ առանց իրաւունքներու, բազմաթիւ անհատներ՝ վիրաւոր արժանապատուութեամբ։

- Արդեօք գիտակի՞ց ենք, որ աշխարհի վրայ շատ բաներ լաւ չեն ընթանար՝ երբ կը պայթին շատ մը անիմաստ պատերազմներ եւ եղբայրասպան բռնութիւն՝ մեր իսկ շրջակայքին մէջ։ Արդեօք գիտե՞նք ճանչնալ որ աշխարհի վրայ շատ բաներ լաւ չեն ընթանար՝ երբ հողը, ջուրը, օդը եւ արարչութեան բոլոր էակները յարատեւ սպառնալիքի տակ են։

Այս կործանիչ իրականութիւնները արդիւնքն են կառոյցի մը, որ դարձած է համերկրային, կառոյց մը որ ի գին ամէն բանի` մղուած է շահ ձեռք բերելու տրամաբանութենէն, առանց մտածելու ընկերային մէկուսացումներու եւ կամ բնութեան կործանումի մասին։

Այսօր մոլորակային փոխկախուածութիւնը կը պահանջէ համաշխարհային պատասխաններ՝ տեղական հարցերու համար։ Յոյսի համաշխարհայնացումը, որ կը ծնի Ժողովուրդներէ եւ կʼաճի աղքատներուն մէջ, պէտք է փոխարինէ մեկուսացումի եւ անտարբերութեան համաշխարհայնացումը։

Նաեւ այն նուազեցեալ փոքրամասնութեան մէջ, որ կը կարծէ օգուտ քաղել այս կառոյցէն՝ կը տիրէ դժգոհութիւն եւ մանաւանդ՝ տրտմութիւն։ Շատեր կակնկալեն փոփոխութիւն մը, որ զիրենք կʼազատագրէ այս անհատապաշտ տրտմութենէն, որ կը ստրկացնէ մարդը։ Բնակառուցային վնասներ յառաջ կու գան, որոնք գուցէ անդառնալի են։ Երկրի վրայ կʼիշխէ սանձարձակ ձգտումը դրամի, հասարակաց բարիքի ծառայութիւնը կʼանցնի երկրորդ կարգի, դրամագլուխը կը վերածուի չաստուածութեան եւ կʼուղղէ մարդկային էակներու ընտրանքները, դրամի ագահութիւնը կը կառավարէ ընկերա-տնտեսական ամբողջ կառոյցը, կը կործանէ ընկերութիւնը, կը քանդէ միջմարդկային եղբայրութիւնը, ժողովուրդ ժողովուրդի դէմ կը հանէ եւ կը սպառնայ մեր այս հասարակաց բնակութեան։

Տեսնելով առօրեայ մութ ժամանակագրութիւնը, կը համոզուինք որ ոչինչ կարելի է ընել, այլ միայն հոգ տանիլ անձին, ընտանեկան սեղմ շրջանակին եւ անձնական կապերու։

 

Ապա սրբազան Պապը խօսքը ուղղեց միջազգային ժողովրդական շարժումներու պատասխանատուներուն անցնելով երկրորդ կէտին։

 

2. Դուք փոփոխութեան եւ փոփոխութեան գործընթացի սերմնացաներն էք։ Փոփոխութիւնը չէ կարելի հասկնալ իբր դէպք մը որ օր մը օրանց պիտի հասնի՝ որովհետեւ հիմնուած է այս կամ այն քաղաքական ընտրանքի վրայ, եւ կամ որովհետեւ հաստատուած է այս կամ այն ընկերային կառոյցի վրայ։ Կառոյցներու փոփոխութիւն մը, որուն չ՛ընկերանար սրտի վերաբերմունքի անկեղծ փոխարկումը, ուշ կամ կանուխ կը վերջանայ վերածուելով վարչարարութեան, կաշառակերութեան եւ զիջումի։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը մաս կը կազմէ բարդ եւ բազմերանգ ամբողջութեան մը, որ ժամանակի տարածքին մէջ կը փոխազդէ։ Պէտք է նկատի առնենք անհատը, որ անանուն չէ, այլ տէր՝ «դիմագիծի եւ անուան։» Մեզի սարսուռ կը պատճառէ բազում տառապանքը եւ զգացուած ենք որովհետեւ «տեսանք եւ լսեցինք» ոչ միայն ցուրտ վիճակագրութիւն մը, այլ տառապող մարդկութեան վէրքերը, մեր վէրքերը։ Այս բոլորովին տարբեր է վերացական տեսաբանումէ եւ նրբաճաշակ զայրոյթէ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտեց աշխատանքի կարեւորութեան վրայ։ Ան նկատեց, որ պէտք է փորձել արմատական լուծում տալ աղքատութեան, անհաւասարութեան եւ արտաքսադրումի խնդիրներուն։ Այսպէս, ժողովրդային շարժումները կը վերածուին մարդկային այլընտրանքի՝ ի դէմս մերժողական համաշխարհայնացումի։ Եկեղեցին չի կրնար եւ պէտք չէ մնայ օտար այս գործընթացին մէջ։ Ժողովրդային շարժումներու հետ յարգալիր համագործակցութիւնը կրնայ բազմապատկել ճիգերը եւ ամրապնդել փոփոխութեան գործընթացը։

 

3. Վերջապէս, երրորդ կէտին մէջ, Սրբազան Պապը խորացաւ պատմական այս պահու քանի մը կարեւոր մարտահրաւէրներու վրայ։ Ոչ Պապը եւ ոչ ալ Եկեղեցին մենաշնորհն ունին ընկերային իրականութեան մեկնաբանումին, եւ ոչ ալ ժամանակակից խնդիրներու լուծման առաջարկի։ Ընդհակառակը, չկայ դեղագիր մը։ Ասոր համար, Սրբազան Պապը կʼառաջարկէ երեք մեծ պարտականութիւններ։

 

3.1. Առաջին պարտականութիւնն է՝ տնտեսութիւնը դնել ժողովուրդի ծառայութեան տակ։ Մարդկային էակները եւ բնութիւնը պէտք չէ ենթարկուին դրամի ծառայութեան։ ՈՉ ըսել մէկուսացումի տնտեսութեան եւ անհաւասարութեան, որուն մէջ դրամը կʼիշխէ՝ փոխանակ ծառայելու։ Այսպիսի տնտեսութիւն մը սպանիչ է, մէկուսացնող, կը քանդէ Մայր Հողը։ Տնտեսութիւնը պէտք է ըլլայ հասարակաց բնակութեան բարի մատակարարում։ Իսկական հասարակային տնտեսութիւն մը, տնտեսութիւն մը՝ քրիստոնէական ներշնչումով, եւ պէտք է ժողովուրդներուն ապահովէ արժանապատուութիւն։

Բնակութիւն, աշխատանք եւ հող էական են. եւ սակայն նաեւ՝ մատչելիութիւն ուսումի, առողջութեան, նորոգումի, արհեստական եւ մշակութային դրսեւորումի, հաղորդակցութեան, մարմնամարզի եւ հանգիստի։ Պէտք է կազմաւորել արտադրանքի եւ բաշխումի ամբողջ կառոյցը, մինչեւ իւրաքանչիւրի կարողականութիւնները եւ կարիքները պատշաճ արտայայտութիւն գտնեն ընկերային մարզէն ներս։ Այս ցնորք կամ երեւակայութիւն չէ։ Երկրագունդի մէջ գտնուող հարստութիւնները, որոնք արդիւնք են ժողովուրդներու միջսերնդային աշխատանքի եւ արարչութեան պարգեւներու, աւելի քան բաւարար են համապարփակ զարգացման համար, մինչ ներկայի իշխող կառոյցը այլ նպատակներ կը հետապնդէ։ Արտադրութեան ընթացքը արագացնելու ճիգը՝ ճարտարարուեստի եւ հողատնտեսութեան մէջ աճեցնելու կերպերը, որոնք յանուն «արտադրողականութեան» կը վնասեն Մայր Հողին, կը շարունակեն զլանալ միլիարաւոր եղբայրներու եւ քոյրերու տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային ամենատարրական իրաւունքները։ Այս համակարգը փորձութեան կʼենթարկէ Յիսուսի ծրագիրը։ Երկրի պտուղներու եւ մարդու աշխատանքի պտուղներու հաւասար բաժանումը պարզապէս մարդասիրութիւն չէ։ Այլ բարոյական պարտականութիւն մըն է։ Քրիստոնեաներուն համար, պարտականութիւնը առաւել եւս ծանր է՝ ան պատուիրան մըն է։

 

3.2. Երկրորդ պարտականութիւնն է՝ միացնել մեր ժողովուրդները խաղաղութեան եւ արդարութեան իրականացման ճանապարհին վրայ։ Աշխարհի ժողովուրդները կʼուզեն ըլլալ իրենց սեփական ճակատագրի հեղինակները։ Կʼուզեն իրենց՝ դէպի արդարութիւն ընթացող ճանապարհին վրայ խաղաղութեամբ քալել։ Չեն ուզեր պաշտպանութիւններ կամ միջամտութիւններ, որոնց մէջ աւելի հզօրը՝ իր անձին կʼենթարկէ տկարը։ Կը պահանջեն, որ իրենց մշակոյթը, իրենց լեզուն, իրենց ընկերային գործընթացները եւ իրենց կրօնական աւանդութիւնները յարգուին։ Ոչ մէկ իշխանութիւն, ըլլա՛յ ան արդեամբ կամ սահմանուած՝  իրաւունքն ունի զրկելու աղքատ երկիրները՝ սեփական ինքնիշխանութիւնը լիօրէն ի գործ դնելու իրաւունքէն։ Իսկ եթէ այդպէս գործէ, ականատես կʼըլլանք գաղթարարութեան նոր կերպերու, որոնք լրջօրէն կը խորտակեն խաղաղութեան եւ արդարութեան կարելիութիւնը, որովհետեւ խաղաղութիւնը չի հիմնուիր միայն մարդու իրաւունքներու յարգանքին մէջ, այլ նաեւ ժողովուրդներու իրաւունքներու, եւ յատկապէս անկախութեան իրաւունքի մէջ։ Այս վերջին տարիներուն, շատ մը անհասկացողութիւններէ ետք, Լատին Ամերիկայի շատ մը երկիրներ ապրեցան իրենց ժողովուրդներու միջեւ աճող եղբայրութիւն մը, յարգելով իւրաքանչիւր երկրի եւ շրջանի սեփական ինքնիշխանութիւնը։ Բայց շատ ուշադիր պէտք է ըլլալ, որովհետեւ նոր գաղթարարութիւնը տարբեր դիմագիծեր կորդեգրէ։ Դրամ չաստուածի անանուն իշխանութիւնն է, որ ընկերութիւններու, համաձայնութիւններու՝ կոչուած «ազատ առեւտուր», եւ խստամբեր խնայողութեան միջոցներու պարտադրումով կը սեղմեն աշխատաւորներու եւ աղքատներու գօտին։ Միեւնոյն տրամաբանութեամբ՝ հաղորդակցութեան միջոցներու մենաշնորհային կենդրոնացումը, որ կը փորձէ հարկադրել սպառումի օտարոտի կերպեր եւ մշակութային որոշ միակերպութիւն մը՝ այլ կերպ մըն է որդեգրուած նոր գաղթարարութեան կողմէ։ Այս գաղափարախօսական գաղթարարութիւնն է, որ, Ինչպէս Ափրիկէի Եպիսկոպոսները կʼըսեն, շատ անգամ կը պնդէ փոխակերպելու աղքատ երկիրները «կառոյցի մը կտորտուքներու եւ հսկայ սարքի մը մասնիկներուն։»

Մարդկութեան ոչ մէկ ծանր խնդիր կարելի է լուծել առանց պետութիւններու եւ ժողովուրդներու փոխազդեցութեան՝ միջազգային մակարդակի վրայ։ Սակայն փոխազդեցութիւնը հոմանիշ չէ պարտադրանքի, ան ոչ ոք կը ստորակարգէ ուրիշներու շահագրգռութիւններով։ Գաղթարարութիւնը՝ հին կամ  նոր, որ աղքատ երկիրները կը նուազեցնէ լոկ հում նիւթի մատակարարողներու եւ աժան ձեռավարձքի, կը ստեղծէ բռնութիւն, աղքատութիւն, պարտադրուած գաղթականութիւն, որովհետեւ այդ պայմաններուն մէջ կը զլացուի համապարփակ զարգացումի իրաւունքը։ Սա ապօրինութիւն է, եւ ապօրինութիւնը կը ստեղծէ բռնութիւն, որ ոչ մէկ ոստիկանութիւն, զօրք եւ կամ գաղտնի սպասարկութիւն կարող է արգելակել։

ՈՉ ըսենք գաղթարարութեան հին եւ նոր կերպերու։ ԱՅՈ՛ ըսենք ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու մէջ գոյացող հանդիպումներու։

 

Սրբազան Պապը ընդունեցաւ նաեւ պատմութեան ընթացքին քրիստոնեաներու կողմէ կատարուած չարիքը։ «Կʼուզեմ յստակ ըլլալ, ինչպէս էր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը։ Խոնարհաբար ներում կը խնդրեմ, ոչ միայն սեփական եկեղեցւոյ կատարած յանցանքներուն համար, այլ նաեւ Ամերիկայի այսպէս կոչուած «conquista»՝ «նուաճում»ի շրջանին բնիկ ժողովուրդներու դէմ կատարուած ոճիրներուն համար։ Կը խնդրեմ նաեւ հաւատացեալներէ եւ ոչ հաւատացեալներէ, որ յիշեն այն բազմաթիւ եպիսկոպոսները, քահանաները եւ աշխարհականները, որոնք Յիսուսի Բարի Պատգամը քարոզած են քաջութեամբ եւ նրբազգացութեամբ, յարգանքով եւ խաղաղութեամբ. որոնք իրենց կեանքի ընթացքին թողած են մարդկային աջակցութեան եւ սիրոյ յուզիչ գործեր. շատ անգամ, բնիկ ժողովուրդին կողքին՝ ընկերացած են ժողովրդային շարժումներուն, մինչեւ իսկ մարտիրոսութիւն։ Եկեղեցին եւ իր զաւակները, Լատին Ամերիկայի ժողովուրդներու ինքնութեան մէկ մասն են։ Ինքնութիւն մը, որ ըլլա՛յ այստեղ կամ այլ երկիրներու մէջ, որոշ իշխանութիւններ վճռած են ջնջել, որովհետեւ մեր հաւատքը յեղափոխական է, որովհետեւ մեր հաւատքը դրամ չաստուածի բռնատիրութեան մարտահրաւէր կը կարդայ։ Այսօր սարսափով կը տեսնենք, թէ ինչպէս Միջին Արեւելքի մէջ եւ աշխարհի այլ կողմերը, կը հալածեն, կը խոշտանգեն, կը սպաննեն մեր եղբայրներէն ու քորերէն շատեր՝ իրենց Յիսուսի հանդէպ ունեցած հաւատքին համար։ Պէտք է դատապարտենք այս. այս երրորդ աշխարհամարտի ընթացքին, ցեղասպանութիւն մըն է որ կը կատարուի, եւ որ պէտք է դադրի։

 

3.3. Երրորդ պարտականութիւնը, որ կարելի է ամենակարեւորը նկատել այսօր՝ Մայր Երկրի պաշտպանութիւնն է։ Յուսախաբութեամբ կը տեսնենք միջազգային վեհաժողովներ, որոնցմէ մէկը միւսին կը յաջորդէ, առանց սակայն արդիւնք տալու։ Գործելու բարոյական ճշգրիտ եւ հրատապ հրամայողական մը կայ։ Չէ կարելի համաձայնիլ որ որոշ շահագրգռութիւններ – որոնք համաշխարհայնացած են, բայց ոչ տիեզերական – իրենք զիրենք կը պարտադրեն, եւ իրենց կ՛ենթարկեն պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ եւ կը շարունակեն կործանել արարածները։ Ժողովուրդները եւ իրենց շարժումները կոչուած են իրենց սեփական ձայնը լսելի դարձնելու, զօրաշարժի ենթարկուելու՝ պահանջելու համար – խաղաղօրէն, սակայն յամառօրէն – պատշաճ միջոցներու անյետաձգելի որդեգրումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.