2015-07-07 08:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Կուայաքիլի մէջ սուրբ պատարագը` Ընտանիքը “Տնային եկեղեցի” մըն է։


(Ռատիօ Վատիկան) Կուայաքիլի ''Աստուածային ողորմութեան'' սրբավայրի այցելութեան աւարտին, երկուշաբթի 6 յուլիսի առաւօտեան տեղական ժամով 11,45-ին (Հռոմի ժամով 18,45-ին), Նորին Սրբութիւնը `Կուայաքիլի ''Փարք Տէ Լոս Սամանէս'' այգիի տարածքին` ընտանիքներուն նուիրուած բացօթեայ սուրբ պատարագ մատոյց որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ մէջ կենդրոնացաւ Յովհաննէսի Աւետարանէն առնուած Կանայի Հարսանիքի դրուագի երկու գաղափարներու վրայ։ Առաջինը՝ Մարիամի հոգածութիւնը՝ “Գինի չունին”. եւ երկրորդը՝ Յիսուսի պատասխանը՝ “ժամանակս չէ հասած”։

Այս պարագայ մըն  է, որ կը կրկնուի իւրաքանչիւր սերունդի մէջ, հրաւիրելով մեզ՝ Մարիամի հետ ընթանալ ճանապարհի վրայ։ Մարիամ ուշադիր է ուրիշներու կարիքներուն, փակ չէ իր “անձնական աշխարհին” մէջ։ Ան գիտէ, թէ ինչ կը նշանակէ գինիի պակասը սեղանակիցներուն համար։ Գինին՝ իբր խորհրդանիշ ուրախութեան, սիրոյ, առատութեան։ Այսօր, քանի´ երիտասարդներու կը պակսի այս մէկը, որքա´ն կիներ կը տառապին սիրոյ բացակայութենէն, քանի´ ծերեր իրենք զիրենք  հեռացուած կը զգան տօնախմբումէ եւ ընտանիքէն, լքուած եւ առանց սնունդի։ Մարիամ ուշադիր եւ հոգատար մայր մըն է։ Ուղղակի իր Որդոյն կը դիմէ։ Մայր մըն է, որ կ’աղօթէ։ Յիսուս իր կարգին՝ խնդրանքը լրջօրէն կ’նկալէ, սակայն մօր կը բացայայտէ աւելի ընդարձակ պատկերը, որ Հօր Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ է։

Մարիամ կ’ընկերանայ Յիսուսի` մսուրէն մինչեւ խաչ։ Ան քանի մը խեղճ շորերով եւ քանի մը անասուններով ախոռը կը վերածէ Յիսուսի բնակարանին։ Երբ խաչին ներքեւ՝ սուրը կը խոցէր Մարիամի սիրտը, ան կ՛ընդունէր մեզ իբր որդիներ։ Ան կը սորվեցնէ մեզի՝ մեր ընտանիքները յանձնել Աստուծոյ ձեռքերուն։ Ան մեզի կը սորվեցնէ աղօթել եւ աղօթքի մէջ մեր յոյսը արծարծել։ Ան ցոյց կու տայ մեզի, որ մեր հոգերը նաեւ Աստուծոյ հոգերն են։

Ընտանիքը դպրոց մըն է, ուր աղօթելը մեզի կը յիշեցնէ թէ գոյութիւն ունի “մենք”ը, ոչ միայն “ես”ը. թէ գոյութիւն ունի դրացին, ընկերը, ուրիշը, որ կ’ապրի նոյն երդիքին տակ, կը բաժնեկցի մեզի հետ կեանքը եւ ունի կարիքներ։

Մարիամ գործի կը լծուի։ Ան ծառաներուն կ’ուղղէ խօսքը՝ “ըրէք, այն ինչ որ ձեզի կ’ըսէ”։ Սա հրաւէր մըն է Յիսուսի տրամադրելի ըլլալու, ոչ ծառայութիւն ընդունելու համար, այլ ծառայելու համար։ Ընտանիքին մէջ ոչ ոք դուրս ձգուած է։ Հոն կը սորվինք ներում խնդրել՝ առանց յոխորտալու, շնորհակալութիւն յայտնել՝ կառուցելու համար կեանք մը՝ լի յարգանքով, քաղաքավարութեամբ եւ բաժնեկցութեան մշակոյթով։ Ընտանիքը ընկերային մեծ հարստութիւն մըն է, ընկերային բարիքի օրրան, զոր այլ հաստատութիւններ չեն կրնար փոխարինել։ “Պէտք է օգնութիւն շնորհել եւ զօրացնել, չկորսնցնելու համար ծառայութեան ճիշտ զգացումը, որ ընկերութիւնը կը մատուցանէ քաղաքացիներուն”։ Ողորմութիւն տալու կերպի մը մասին չէ խօսքը, այլ վաւերական “ընկերային պարտականութիւն”։

Ընտանիքը “Տնային եկեղեցի” մըն է, փոխանցող աստուածային ողորմութեան, նորոգումի իսկական նոր գինի մը՝ “հոն ուր մեղքը բազմացաւ, շնորհքն ալ առատացաւ։” (Հռոմ Ե. 20) - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշեցուց, որ “Ողորմութեան տարւոյն” սկիզբը պիտի գումարուի ընտանիքի նուիրուած սիւնհոդոսը, որուն նպատակն է թանձրացեալ լուծումներ գտնել այն բազմաթիւ դժուարութիւններուն, զորոնք կը դիմագրաւէ ընտանիքը ներկայիս ու ներկաներէն խնդրեց աղօթել այդ նպատակին համար։

Քարոզի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը յորդորեց՝ “Այն անձը, որ ունի սիրելու քաջութիւնը, պիտի ստանայ նաեւ լաւագոյն գինին։”








All the contents on this site are copyrighted ©.