2015-07-07 09:42:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Էքուատորի մէջ այցելեած վայրերը


(Ռատիօ Վատիկան) Կայաքիլ քաղաքի “Աստուծոյ Ողորմութեան” Սրբավայրը՝ սոյն քաղաքի մէջ գտնուող Սուրբ Պետրոս Առաքեալի անուան  տաճարէն ետք՝ կը համարուի երկրորդ պաշտամունքի վայր իր տարածքի ծաւալով։ “Աստուծոյ Ողորմութեան” սրբավայրը ենթարկուած է  ընդլայնման աշխատանքներու՝ շնորհիւ Արքեպիսկոպոս Արրէկուի կամքին,  որ նկատի կ’առնէր տաճարի Մայր խորանին բացման արարողութեան  առթիւ ներկայ եղող հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը։  Ընդլայնման աշխատանքները սկիզբ առած են 2009-ին եւ աւարտած են սեպտեմբեր 2013-ին՝ շնորհիւ գործակալներու եւ հաւատացեալներու բերած նիւթական նպաստին։

Սրբավայրը ունի 110.000 մք տարածք, որուն վրայ կառուցուած է քահանաներու համար բնակարան, ծերանոց, վարդապետական ուսուցումի եւ աւետարանումի ի սպաս յատուկ վայրեր։

Սրբավայրը ունի 29 մթ բարձրութիւն եւ կրնայ հիւրընկալել 2300 հաւատացեալներ։  

 

Unidad Educativa Javier անուան Յիսուսեան միաբանութեան կեդրոնը

Unidad Educativa Javier ուսանողական կեդրոնը կառուցուած է Կայաքիլ քաղաքին մէջ 1956-ին, Յիուսեան միաբանութեան կողմէ։ Կեդրոնին առաջին տարին,  1956-ին, հոն կը հաճախէին ընդհանուր 52 աշակերտներ։

Յիսուսեան միաբանութեան դպրոցը հերթաբար կ՝ենթարկուի ընդլայման աշխատքներու եւ անոր տարածքը կը հասնի 200 հազար մք, որուն վրայ կառուցուած են հետազօտական կեդրոններ, գրադարաններ, մարզարանները՝ ընհանուր 43 հազար կառոյցներ։

Ներկայիս, դպրոցը ունի 1560 աշակերտներ, 128 ուսուցիչներ եւ 78 աշխատակազմ։

Նշենք թէ Javier դպրոցը մաս կը կազմէ Յիսուսեան միաբանութեան Լատին ամերիկիոյ ընկերակցութեան։

Էքուատորի carondeltet նախագահական պալատը։

Նախագահական պալատը, Էքուատոր հանրապետութեան Պետութեան եւ նախագահի նստավայրն է։  Պալատը կը գտնուի Քիթօ մայրաքաղաքին կեդրոնը՝ Անկախութեան հրապարակին մօտ։

Ան կառուցուած է Francisco Luis Hector Baron de Carondeletի հրամանով, 1800 թուկանին։ Նախագահական պալատը 2007 թուականէն բաց է հանրութեան որպէս թանգարան եւ մաս կը կազմէ Էքուատորի մշակութային ժառանգութեան։

 

Քիթոյի մայր տաճարը։

Քիթոյի մայր տաճարը կը գտնուի քաղաքին պատմական շրաջնի մէջ, Անկախութեան հրապարակին կից։ Մինչեւ 1600 թուական, ան պարզ եկեղեցի մը համարուած էր։

Անոր ընդլայման եւ կառուցողական աշխատաքները վերջ գտած են 1565 ին, իսկ օծումը կատարուած է 7 տարի ետք։

Եկեղեցին ունի 3 կանանչ գոյնով ներկուած գմբեթներ, իսկ ձախ կողմը  կը գտնուի բարձր զանգակատուն մը։

Մայր տաճարին մէջ կը գտնենք ոսկեզօծ գլխաւոր խորան մը իրականացուած հռչակաւոր արուեսագէտի կողմէ։

Մայր խորանի ձախ կողմը կը գտնենք Էքուատորի առաջին նախագահի՝ Ժուան Խօսէ Ֆլորէսի արձանը։ Մինչ խորանի ետեւի կողմը կը գտնուի Տառապանքի Տիրամօր նուիրուած պզտիկ խորան մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.