2015-07-07 08:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` Կուայաքիլի Աստուածային ողորմութեան սրբավայրի այցելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի` 6 յուլիս 2015-ին, Լատին Ամերիկա կատարած առաքելական ճամբորդութեան  ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելեց Էքուատորի Կուայաքիլի թեմն ու թեմին մէջ գտնուող Աստուածային ողորմութեան Սրբավայրը ուր սրտաբուխ խօսք մը ուղղեց այնտեղ համախմբուած հաւատացեալներուն յայտնելով թէ ''Այժմ կը մեկնիմ պատարագը մատուցելու։ Ձեզ բոլորդ կը տանիմ սրտիս մէջ։ Ձեզմէ ամէն մէկուն համար պիտի աղօթեմ։ Տիրոջ պիտի ըսեմ ''դուն գիտես անուններն անոնց որ հոն կը գտնուէին''։ Յիսուսէն պիտի խնդրեմ, ձեզմէ ամէն մէկուն համար, անսահման ողորմութիւն, թող Ան ձեզ պարուրէ իր ողորմութեամբ ու ձեր վրայ հոգայ։ Ապա Սուրբ Կոյսէն պիտի խնդրեմ որ միշտ ձեզի մօտիկ ըլլայ։

Իսկ հիմա` նախ քան մեկնիլս, թէեւ Արքեպիսկոպոսը կ՛ըսէ թէ ժամանակը քիչ է....ձեզի կու տամ իմ օրհնութիւնս։ Ինծի ոչ մէկ բան տալիք ունիք անոր փոխարէն սակայն ձեզմէ կը խնդրեմ, եթէ կը բարեհաճիք, աղօթեցէք ինծի համար։ Կը խոստանա՞ք։








All the contents on this site are copyrighted ©.