2015-07-06 11:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնի խօսքը օդանաւին մէջ իրեն ընկերացող լրագրողներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 5 յուլիսին, առաւօտեան ժամը 9-ին, սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Հարաւային Ամերիկիոյ ցամաքամասի շնորհած հովուական միջազագային ճամբորդութեան առաջին հանգրուանը՝ թռիչք առնելով դէպի Էքուատորի Քուիթօ մայրաքաղաքը։ Թռիչքի ժամանակ, աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապ օդանաւի մէջ գտնուող լրագրողներուն հետ կատարեց մամլոյ ասուլիս, որուն բացումը ըրաւ Վատիկանի մամլոյ գրասնեակի ընդհանուր տնօրէն՝ հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի։

Հայր Լոմպարտի, խօսքը ուղղելով Ֆրանչիկսոս Պապին ըսաւ՝ Հայր Սուրբ, ահաւասիկ՝ դարձեալ օդանաւին մէջ Ձեր հետ կը գտնուինք, խանդավառիչ ճամբորդութիւն մը կատարելու դէպի Ձեր ցամաքամաս ուր կը  խօսուի Ձեր մայրենի լեզուն՝ սպաներէն։

Մեր հետ կը գտնուին  զանազան երկիրներէ ժամանած եւ զանանզան լեզուներու լրագրողներ՝  75 գործընկերներ, որոնք քայլ առ քայլ  պիտի հետեւին Ձեզի, փոխանցելու եւ հաղորդելու  համար  Ձեր արտասանելիք պատգամներն ու գործերը։

Անոնց թիւը հարիւրէ աւելի է, սակայն օդանաւին  մէջ միայն 75ը տեղ ունենալով՝ խիստ ընտրութիւններ կատարեցինք, հրաւիրելով 75 լրագրողներ  եւ Էքուատորի , Պոլիվիայի եւ Փարկաուայի ներկայացուցիչներ. իսկ մնացեալները , իրենց երկիրներուն մէջ  Ձեզի պիտի սպասեն՝ ընկերակցութեամբ հարիւրաւոր տեղական լրագրողներու, հաղորդելու եւ սփռելու համար Աւետարանի ուրախութեան խօսքը, որ է սոյն ճամբորդութեան կեդրոնական պատգամը։

Ապա  Հայր Լոմպարտի հրաւիրեց Սրբազան Հայրը՝ երկու խօսք ուղղելու լրագրողներուն։ 

Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով ներկաները յարեց՝

Բարի լոյս. Ձեզի բարի  Ճամբորդութիւն  կը մաղթեմ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ձեր կատարելիք գործին համար, որ շատ մեծ պարտականութիւն մըն է, եւ  կրնայ մեծ բարիք շնորհել՝ տեղեկագրելով ճամբորդութեան ընթացքին  տեղի ունցած իրողութիւնները։

Շնորհակալութիւն. յաճախ պիտի տեսնուիք այս ութը օրերուն ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.