2015-07-06 09:54:00

Ռայի Պատրիարքը փոխադրուեցաւ Տիման


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը  կիրակի 5 յուոլիսին,  փոխադրուեցաւ մարոնի համայնքի պատրիարքութեան ամարանոցը` Տիման, ուր նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք ոչ մէկ հարց ունի քրիստոնէական հանրաքուէին իմաստով, եթէ այդ մասին մարոնի համայնքի երեսփոխանները համաձայնութիւն յայտնեն:

Այս առումով Ռայի պատրիարքը նշեց, որ ինք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարի խորհրդատու Մըլհեմ Ռիաշին տեղեակ պահած է, թէ հանրաքուէն հակասահմանադրական է ու կարիքը ունի մարոնի երեսփոխաններուն համաձայնութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտնած, որ այդ մասին համախոհութիւն գոյանալու պարագային ինք պատրաստ է զիրենք Պքերքէ հրաւիրելու` քննարկելու համար այդ կարելիութիւնը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը այցելեց «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանը, որուն վարչութեան հետ իր հանդիպումին ընթացքին ողջունեց ձայնասփիւռի այդ կայանին առաքելութիւնը` ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ իսկական տեղեկատուութեան կարիքը կայ:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց նաեւ, որ իրաւունքի եւ ճշմարտութեան տէրերը կառչած կը մնան իրենց իրաւունքին եւ ոչ մէկ դժուարութենէ կը վախնան:

Ան կոչ ուղղեց պաշտպանելու երկրին եւ քաղաքացիին արժանապատուութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.