2015-07-06 09:50:00

Յունահայ համայնքի դիրքորոշումը


Ո՛չ յունահայ համայնքի ներկայացուցիչները, ո՛չ ալ այնտեղ գործունէութիւն իրականացնող ազգային աւանդական կուսակցութիւնները որեւէ յայտարարութիւն չեն տարածած կամ դիրքորոշում չեն յայտնած այն առնչութեամբ, թէ Յուլիս 5­-ին Յունաստանի մէջ կայանալիք հանրաքուէի ժամանակ յունահայերը ինչպէս պէտք է քուէարկեն:

«Արմէնփրես»­-ի հետ զրոյցի ընթացքին Աթէնքի մէջ լոյս տեսնող «Ազատ օր» պարբերականի տնօրէն Մայք Չիլինկերեան նշած է, որ իւրաքանչիւրն ազատ է իր դիրքորոշման մէջ եւ իրաւունք ունի կատարելու ընտրութիւն: Հայերուն մէկ մասը կողմ է Եւրոմիութեան առաջադրած ծրագիրներուն, մէկ մասն ալ կողմնակից է վարչապետ Ցիպրասի յայտարարութեան եւ դէմ պիտի քուէարկէ առաջարկին:

«Յունահայ համայնքի դիրքորոշումը այն է, որ պէտք չէ երթալ ծայրայեղութիւններու, որոնց ականատեսը կ՛ըլանք վերջին օրերուն, եւ տարբեր դիրքորոշում ունեցող անձիք զիրար կը վիրաւորեն, ինչ որ մեզի համար անընդունելի է: Սա միայն յունահայ համայնքի տեսակէտը չէ: Բոլոր սովորական մարդիկ, որոնք կը սիրեն Յունաստանն ու կ՛անհանգստանան, չեն ցանկանար, որպէսզի ծայրայեղութիւններ ըլլան:

«Ընդհանուր առմամբ` վիճակը շատ վատ է, սակայն պէտք է սթափ դատել»,-­ նկատած է Մայք Չիլինկերեան` աւելցնելով, որ մթնոլորտը լարուած է, եւ մարդիկ չեն գիտեր, թէ իրենց ինչ կը սպասուի: Նոյն այդ անորոշութիւնն ալ աւելի կը սրէ իրավիճակը, իսկ այն, որ քաղաքացիները չեն կրնար որեւէ դրամատնային գործարք կատարել եւ հաշուեհամարէն գումար հանել, աւելի կը թէժացնէ վիճակը: Անդրադառնալով Եւրոմութեան առաջադրած ծրագրին, որուն համաձայն` երկրին մէջ պէտք է ֆինանսական լուրջ կրճատումներ կատարուին եւ բարեփոխումներ ըլլան սեղմումներէ խուսափելու համար, Չիլինկերեան ըսած է, որ այդ ծրագիրն ալ անորոշութեան մէջ ձգած է յոյները: Միակ փաստն այն է, որ եթէ կրճատումներ ըլլան, ապա անոնք պիտի ազդեն բոլորին վրայ, նաեւ յունահայերուն, քանի որ անոնք կը համարուին Յունաստանում ոչ թէ ազգային փոքրամասնութիւն, այլ երկրի լիիրաւ քաղաքացիներ:

«Կրճատումները բոլորին համար են: Այս պահուն ազգային փոքրմասնութիւններուն տրամադրուելիք ծախսերու կրճատման մասին խօսք չկայ: Պէտք է շեշտեմ, որ հայերը չեն համարուիր ազգային փոքրամասնութիւն, այլ կը հանդիսանան Յունաստանի քաղաքացիներ եւ այս առումով կրճատումներն ու նոր բարեփոխումները պիտի ազդեն յունահայերուն վրայ այնպէս, ինչպէս այդ երկրի մնացած քաղաքացիներու»,-­ ընդգծած է Չիլինկերեան` աւելցնելով, որ վերջին 5 տարուան ընթացքին եղած են խնդիրներ` յատկապէս տնտեսական հարթութեան վրայ, սակայն անոնք փորձած են հարթել` համագործակցելով իշխանութիւններու հետ: Ներկայ դրութեամբ` հիմնական մտահոգութիւնը, որ յունահայերը ունին ֆինանսական կրճատումներու առնչութեամբ, կը վերաբերի կրթութեան:

Դպրոցներուն մէջ հայերէնի ուսուցիչներու աշխատավարձը կը վճարէ պետութիւնը, եւ այս առումով համայնքին մէջ չեն բացառեր, որ նոր բարեփոխումները բացասաբար անդրադառնան հայ ուսուցիչներուն վրայ:

«Հինգ տարի առաջ, երբ տնտեսական ճգնաժամը նոր կը սկսէր, նման խնդիր յառաջացաւ, սակայն այն ժամանակ մենք կրցանք խնդիրը լուծել: Այս առումով քանի մը հանդիպում ունեցած ենք երկրի իշխանութիւններու հետ եւ ներկայացուցած, որ մեզի համար ամենակարեւոր հարցը դպրոցներու խնդիրն է, մնացած ամէն ինչը երկրորդական է, եւ կը ցանկանանք, որ հայ ուսուցիչները շարունակեն վարձատրուիլ պետութենէն»,-­ շեշտած է Չիլինկերեան` աւելցնելով, որ արդէն 30 տարիէ հայ ուսուցիչները կը վարձատրէ Յունաստանի պետութիւնը:

Յիշեցնենք, որ միլիոնաւոր յոյն քաղաքացիներ երէկ մասնակցեցան միջազգային վարկատուներու ներկայացուցած պահանջներուն շուրջ հանրաքուէի մը, որուն ընթացքին կը դիմագրաւեն երկու ընտրանք` տնտեսական սեղմումներու յաւելեալ տարիներ կամ 19 անդամներէ բաղկացած Եւրոյի գօտիէն հեռացում: «Այո» յաւելեալ պիւտճէական սեղմումներո՞ւն, թէ՞ զայն մերժելով յուսալ, որ իրենց որոշումը երկիրը Եւրոյի գօտիէն դուրս պիտի չբերէ:

Յունաստանի արմատական ձախ կառավարութեան համար վարկատու եռեակին առաջարկները անընդունելի են: Մինչ կառավարութիւնը իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց «Ոչ» քուէարկելու` աւելցնելով, որ այդ մէկը պիտի չազդէ Յունաստանի` Եւրոյի գօտիին անդամակցութեան վրայ, «Այո»-ի կողմնակիցները, ներառեալ` շարք մը նախկին վարչապետներ եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններ հակառակը կը պնդեն:

Միջազգային վարկատուներ զգուշացուցած են, որ «Ոչ»-ի յաղթանակը կրնայ արգելք հանդիսանալ յունական դրամատուներուն ֆինանսաւորման եւ Եւրոյի գօտիէն քաոսային հեռացումի մը յանգեցնել:

Յունաստանի մէր տեղի ունեցած հանրաքուէի նախնական արդիւնքով քուէարկողներուն աւելի քան 61 առ հարիւրը «Ոչ» քուէարկած են, իսկ 39 առ հարիւրը` «Այո»:








All the contents on this site are copyrighted ©.