2015-07-06 09:45:00

Յոյն Քուէարկողները մերժեցին վարկատուներուն պահանջները


7-05-15_greece-vote Յունաստանի ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ քուէներու աւելի քան կէսին արդիւնքին հիմամբ քուէարկողներուն աւելի քան 61 առ հարիւրը «Ոչ» քուէարկած են, իսկ 39 առ հարիւրը` «Այո»:

Միլիոնաւոր յոյն քաղաքացիներ երէկ մասնակցեցան միջազգային վարկատուներու ներկայացուցած պահանջներուն շուրջ հանրաքուէի մը, որուն ընթացքին կը դիմագրաւեն երկու ընտրանք` տնտեսական սեղմումներու յաւելեալ տարիներ կամ 19 անդամներէ բաղկացած Եւրոյի գօտիէն հեռացում: «Այո» յաւելեալ պիւտճէական սեղմումներո՞ւն, թէ՞ զայն մերժելով յուսալ, որ իրենց որոշումը երկիրը Եւրոյի գօտիէն դուրս պիտի չբերէ:

Յունաստանի արմատական ձախ կառավարութեան համար վարկատու եռեակին առաջարկները անընդունելի են: Մինչ կառավարութիւնը իր քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց «Ոչ» քուէարկելու` աւելցնելով, որ այդ մէկը պիտի չազդէ Յունաստանի` Եւրոյի գօտիին անդամակցութեան վրայ, «Այո»-ի կողմնակիցները, ներառեալ` շարք մը նախկին վարչապետներ եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններ հակառակը կը պնդեն:

Միջազգային վարկատուներ զգուշացուցած են, որ «Ոչ»-ի յաղթանակը կրնայ արգելք հանդիսանալ յունական դրամատուներուն ֆինանսաւորման եւ Եւրոյի գօտիէն քաոսային հեռացումի մը յանգեցնել

 








All the contents on this site are copyrighted ©.