2015-07-06 10:04:00

Եունեսքօ. «Իրաքեան Եւ Սուրիական հնութիւնները ՏԱՀԵՇ-Ի Ֆինանսաւորման աղբիւրներ են»


ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Իրինա Պոքովա յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ հնագիտական վայրերը կը թալանեն եւ հնութիւնները միջնորդներու ճամբով կը ծախեն` դրամ հաւաքելու համար: Ան Լոնտոնի մէջ մասնագէտներու ժողովի մը առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ Իրաքի մէջ աշխարհին ծանօթ հնադարեան 10 հազար վայրերուն մէկ հինգերորդը կը գտնուի ՏԱՀԵՇ-ի տիրապետութեան տակ եւ լայնածաւալ կերպով կը թալանուի` նշելով, որ յստակ չէ, թէ հազարաւոր այլ նմանօրինակ վայրերու մէջ ի՛նչ տեղի կ՛ունենայ:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ, Պոքովա ըսաւ, որ շարք մը հնագիտական վայրեր այնպիսի տարողութեամբ թալանուած են, որ այլեւս հնագէտներու եւ պատմագէտներուն համար անարժէք դարձած են: Ան նաեւ Լիպիոյ նկատմամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մտահոգութեան աճը մատնանշեց:

Պոքովա Լոնտոնի մէջ Թագաւորական միացեալ ծառայութիւններու հիմնարկին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Ներկայիս Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ մեր տեսած դիտաւորեալ քանդումը արդի պատմութեան մէջ աննախադէպ տարողութեան հասած է»:

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնը նաեւ ընդգծեց, որ այս «մշակութային մաքրագործում»-ին նպատակը մարդկութեան հասարակաց արմատները քանդելն է, ինչպէս նաեւ ֆինանսաւորելն է զինեալները, որոնք տեղւոյն հողագործներուն պարտականութիւն կու տան հնութիւնները պեղելու, ապա զանոնք կը մաքսանենգեն եւ այդ հնութիւնները կը հասնին զանոնք հաւաքողներուն ձեռքը:

Պոքովա ըսաւ, որ արհեստական արբանեակներու ճամբով ապահովուած լուսանկարները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին օգնած են իրադարձութիւնները հասկնալու` աւելցնելով, որ կարգ մը շրջաններու մէջ նշմարուած են հարիւրաւոր փոսեր, որոնք գոյացած են հնութիւններու պեղումէն, սակայն դժուար է ճշդել թալանուած հնութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.