2015-07-05 09:40:00

Քիրիլ Պատրիարքի ցաւակցագիրը Ներսէս Պետրոս ԺԹ մահուան առթիւ։


Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի վախճանման յաջորդող օրերուն, Մոսքուայի եւ համայն Ռուսաստանի Քիրիլ Պատրիարքը ցաւակցագիրով մը բաժնեկից դարձաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւնհոդոսական Հայրերուն հետեւեալ տողերով, զորս կը հրատարակենք առ ի գիտութիւն հաւատացելոց եւ ընթերցողներուն.

«Սիրելի եղբայրներ ի Քրիստոս,

Կ'ուզեմ ձեզի եւ բոլոր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն յայտնել ցաւակցութիւններս Երջանկայիշատակ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին մահուան առթիւ:

Երիտասարդ տարիքէն իր կեանքը նուիրած ըլլալով հովուական աշխատանքի, երանաշնորհ Հայրապետը հաւատարիմ մնաց իր կոչումին մինչեւ վերջ: Ան խորապէս մտահոգ էր Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն ողբերգութեամբ եւ ամէն ջանք ի գործ դրաւ օգնելու համար խաղաղութեան եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններու վերահաստատումին պիպլիական հնադարեան հողին վրայ:

Կը յիշեմ հանդիպումս Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ անցեալ ապրիլին Մոսկուայի մէջ, որու ընթացքին Ան ինծի հետ բաժնեց իր սրտի ցաւը եւ շեշտեց բոլոր քրիստոնեաներու միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը օգնելու համար մեր տառապող եղբայրներուն:

Բաժնելով Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ անոր հօտին զգացումները, կ'ուզեմ ձեր բոլորին յայտնել իմ անկեղծ կարեկցութիւնս ձեր այս ծանր կորուստին համար»:








All the contents on this site are copyrighted ©.