2015-07-04 09:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 9-րդ միջազգային ճամբորդութեան երեք հանգրուանները։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 5 յուլիսէն մինչեւ 13 յուլիս, Ֆրանչիկսոս Սրբազան Պապը իր քահանայապետութեան  9-րդ առաքելական ճամբորդութիւնը կը կատարէ` Լատին Ամերիկեան սպանախօս երեք երկիրներուն` Էքուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուէյ, այցելելով այս երկիրներու կարեւոր հինգ քաղաքներ. Էքուատորի մէջ` Կուայաքիլը եւ Քիթոն, Պոլիվիայի մէջ Լա Փազ/Էլ Ալթօ մայրաքաղաքը եւ Սանթա Քրուզը ու ապա Փարակուէյի մայրաքաղաքը Ասունսիոնը։

Էքուատորի մէջ Սրբազան Հայրը պիտի ունենայ 7 զեկոյցներ` երկու քարոզներ եւ հինգ  ճարեր ։ Պոլիվիայի մէջ պիտի արտասանէ մէկ քարոզ եւ 5 ճար ու ապա Փարակուէյի մէջ պիտի ունենայ 9 զեկոյցներ` 2 քարոզ, Մարեմեան աղօթքը, մէկ ողջոյնի խօսք ու 5 ճարեր։

9 օր տեւող այս առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի ունենայ ընդամէնը 22 զեկոյցներ ` 5 քարոզ, Մարեմեան աղօթք, երկու ողջոյնի խօսք եւ 14 պատգամ։








All the contents on this site are copyrighted ©.