2015-07-04 09:31:00

''Լատինամերիկան յոյսի ցամաքամաս է'' ըսաւ Կարդինալ Փարոլին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի օրը սկիզբ կ'առնէ  ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Էքուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուէյ, Լատիանեմերիկա առաքելական այցելութիւնը, որուն ընթացքին օդանաւով եօթը տեղափոխութիւններ պիտի կատարէ, 22 ճառեր պիտի արտասանէ եւ բիւրաւոր հաւատացեալներուն պիտի հանդիպի որոնք յոյսով կը սպասեն անոր գալուստը։

Սրբազան Քահանայապետի 9-րդ ճամբորդութիւնը, 5 -13 Յուլիս ունի որպէս բնաբան Աւետարանը քարոզելու ուրախութիւնը։ Այս առաքելական ճամբորդութեան մասին կարդինալ Փարոլին Վատիկանի հեռուստակայանին հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց թէ. ''ֆրանչիսկոս Քահանայապետին համար Լատինամերիկան յոյսի ցամաքամաս է, քանի այդ  աշխարհամասէն կ՛ակնկալուի բարգաւաճումի նոր տիպարներ  որ կը միացնեն քրիստոնէական աւանդութիւնը ու քաղաքացիական բարգաւաճումը, արդարութիւնն ու անկողմնակալութիւնը հաշտութեան հետ, գիտական ու թեխնիքական  յառաջդիմութիւնը մարդկային իմաստութեան հետ, պտղաբեր տառապանքը ուրախ յոյսի հետ։ Այս է կերպով մը դիմագիծը Լատինամերիկայի ու Սրբազան Հօր այցելելիք երեք երկիրներու։

Ո՞րն է դերը այդ աշխարհամասի Եկեղեցւոյ մէջ եւ ի՞նչպիսի դեր մը ունի համաշխարհային քաղաքականութեան վրայ հարցումին, կարդինալ Փարոլին ըսաւ. Լատինամերիկայի ցամաքամասը յեղաշրջող ցամաքամաս մըն է` մշակութային, տնտեսական ու քաղաքական գետնի վրայ, որուն անմիջական հետեւանքը, տակաւ առ տակաւ, համաշխարհայնացումը պիտի ըլլայ, սակայն  ոչ արեւմտեան աշխարհի նմանութեամբ։ Այս կարելիութեան ի տես Եկեղեցին  ընտրեց հովուութեան,  միսիոնարութեան ճամբան։ Ասիկա օրինակ մը կարող է հանդիսանալ այլ երկիրներուն։

Քաղաքական գետնի վրայ լատինամերիկան դիտուած է որպէս ճշմարիտ գիտաշխատանոց մը, ուր բնակչութեան բոլոր խաւերը կը մասնակցին քաղաքական ու ընկերային կեանքին, ուստի եւ բազմազանութեան, ազատութիւններու, հիմնական ազատութիւններու ու մարդկային իրաւունքներու յարգանքի կիրարկումին։

- Ո՞րն է Էքուատորի Եկեղեցւոյ դերը ընկերային կեանքէն ներս հարցումին կարդինալ Փարոլին ըսաւ. Եկեղեցին ընդհանրապէս կը շարունակէ իր մարգարէական դերը կատարել յաչս դուրսէն եկած հոսանքներուն  դէմ, որ յաճախ ատակ չեն տեղական ժողովուրդներու աւանդութիւններուն ու բարքերուն, ինչպէս օրինակի համար ընտանիքի հաստատութիւնը։ Ահա այս պատճառաւ Եկեղեցին կը շարունակէ քարոզել Աւետարանը։

2014-ին Եկեղեցին հովուական թուղթով մը ջանաց բացայայտել իր դերը ընկերութեան մէջ ու սահմանել նշանակութիւնը առողջ աշխարհականութեան` ճշմարիտ  աշխարհականութեան մը համար։ Եկեղեցին կ’ուզէ միմիայն կարելիութիւն ունենալ Աւետարանը քարոզելու , իր առաքելութիւնը կատարելու ընկերութեան բարիքին սատարելու համար։

- Խօսելով ապա Պոլիվիայի մասին Կարդինալ Փարոլին յայտնեց թէ Պոլիվիայի  նախագահը կը բաժնէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին շատ մը մտահոգութիւնները ինչպէս աշխարհի մէջ տիրող աղքատութիւնը ֆինանսի գերիշխանութեան հետեւանքով։

Իր բազմաթիւ միջամտութիւններուն ընթացքին եւ յատկապէս վերջին շրջաբերական թուղթին մէջ, դիտել տուաւ Ս. Աթոռի Պետական քարտուղարը, Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ արարչագործութեան` հասարակաց տունը պահպանելու, կը հրաւիրէ` ընկերային արդարութեան, բոլորին համար խաղաղութեան փնտռտուքին եւ ամէն  անհատի արժանաւորութեան ճանաչումին…

- Փարակուէի մասին անդրադառնալով կարդինալ Փարոլին մատնանշեց թէ Փարակուէյի եպիսկոպոսները հաղորդելով Սրբազան Հօր այցելութեան լուրը ըսին որ Սրբազան Հայրը կու գայ որպէս ուխտաւոր քարոզելու  ընտանիքի Աւետարանը։

Ֆրանչիսկոս Պապը  Լատին Ամերիկա կու գայ կեդրոնանալու Ընտանիքի աւետարանացումին վրայ։ Ընտանիքը որ կը ցոլացնէ Լատինամերիկայի ընտանիքը, որ ունի բազմաթիւ արժէքներ։ Յայտնենք որ ընտանիքը լատինամերիկայի մէջ տակաւին հաստատ է ու բազմանդամ եւ այդտեղ ապրող ընկերութիւնները երիտասարդ են։ Անգործութիւնը բնականաբար  սպառնալիք մըն է  ընտանիքի կայունութեան, ինչպէս նաեւ թմրեցուցիչը կը խաղտէ  ընտանիքի բնական ընթացքը …։ 

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր այս այցելութեամբ կ’ուզէ ըլլալ ներկայութիւն մը բոլոր ընտանիքներուն եւ մասնաւորապէս տառապող ընտանիքներուն  ինչպէս նաեւ անոնց համար քաջալերանք մը` յառաջ ընթանալու։








All the contents on this site are copyrighted ©.