2015-07-04 11:51:00

Սուրբ Պետրոսի յաջորդները Հարաւային Ամերիկիոյ ցամաքամասին մէջ։


Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, 5-13 Յուլիսին, առաքելական այցելութեամբ  կը մեկնի  Հարաւային Ամերիկիա,  հովուական այցելութիւն կատարելու՝  Էքուատոր, Պոլիվիա, եւ Փարակուէյ։

Ֆրանչիսկոս Պապ այս իր կատարած առաքելական ճամբորդութեամբ կը հանդիսանայ ՝ Սուրբ Պետրոսի յաջորդ  4-րդ  քահանայապետը,  որ կ՝այցելէ Հարաւային Ամերիկիոյ ցամաքամասը։

Առաջին Քահանայապետը, որ այցելած է Հարաւային Ամերիկան՝ եղած է Երանելի Պօղոս Զ. Քահանայապետ՝ 21-25 օգոստոս, 1968–ին՝  Քոլոմպիա քաղաքին կատարած այցելութեամբ։

Ապա Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետ, իր գահակալութեան շրջանին 18 հովուական ճամբորդութիւններ կատարած է Լատին Ամերիկիոյ երկիներուն։ Առաջինը՝ 25 յունուարէն  մինչեւ 1 փետրուար, 1979-ին՝ Տոմինիքեան Հանրապետութիւն, Մէքսիքոյի  եւ Պահամասի եւ վերջինը  23 յուլիսէն 2 օգոստոս 2012։

Պենետիկտոս ԺԶ. Վաստակաւոր Քահանայապետ երկու հովուական ճամբորդութիւններ կատարեց Հարաւային Ամերիկա եւ այցելեց երեք երկիրներ։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի՝ Էքուատոր, Պոլիվիա, եւ Փարակուէյի հովուական այցելութիւնը՝ կը հանդիսանայ Հարաւային Ամերիկիոյ ցամաքամասին կատարած առքաելութեան  երկրորդը, տրուած ըլլալով որ  առաջինը  այցելութիւնը հանդիսացաւ Պրազիլ,  2013-ին՝ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ կայացած երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքին առթիւ։

Սուրբ Պետրոսի յաջորդները ընդամէնը 23 անգամ այցելած են Լատին Ամերիկեան ցամաքամասը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.