2015-07-04 13:09:00

Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին շուքին տակ


Վատիկանի Պետքարտուղարութեան վաւերաթուղթերուն մէջ կը գտնուի Աւստրիացի Քափուչին Կրօնաւոր՝ Հ. Նորպերթ Հոֆերի տեղեկատուութիւնը, որ ականատէս եղած է կոտորածներուն։

Ան կը գրէ՝ “Հայ ժողովուրդը պատժելը [կարծեցեալ յեղափոխութեան պատճառով] պարզապէս պատճառաբանութիւն մըն է թրքական ազատ որմնադրական կառավարութեան կողմէ, ոչնչացնել կարենալու երկրին մէջ գտնուող բոլոր քրիստոնեայ տարրերը առանց հաշտուետութեան։ Հայերուն հետ միասին, նաեւ զանազան ծէսերու միւս բոլոր քրիստոնեաները, ներառեալ կաթողիկէները ենթարկուած են հալածանքի։

Այն իրողութիւնը, որ Ճէզիրէյի Ասորի-Կաթողիկէ Եպիսկոպոսը՝ իր կղերով եւ հաւատացեալներով կոտորուած է, կը փաստէ, որ թրքական կառավարութեան նախատինքները միայն հայերուն դէմ չեն ուղղուած։ Ասոր կը միանայ այն իրողութիւնը, որ երկրի մէջ գտնուող Քաղդէացի համայնքներն ալ այդ արարքներուն տակ կը տառապին։ Մինչեւ հիմա չորս Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսներ՝ իրենց կղերով եւ հաւատացեալներով կոտորուած են։ Այլ երկու եպիսկոպոսներու ճակատագրի մասին ընդհանրապէս տեղեկութիւն չկայ։”

Գերմանիոյ դեսպան Ֆոն Վանկընհայմ, 1915ի յուլիսին, սրտի կաթուած անցընելէ ետք, կը վերադառնայ գերմանիա։ Երբ Քահանայապետական նուիրակը՝ Մոնսինիոր Տոլչի, Ֆոն Վանկընհայմի յաջորդին՝ Էրնսթ Ֆիւրսթ Ցու Հոհընլոհէ-Վանկընպուրկի, սոյն տարւոյն օգոստոսին, հարց կու տայ, թէ ո´րն է Գերմանիոյ միջամտութիւնը՝ դադրեցնելու քրիստոնեաներու կոտորածները, գերման դեսպանը կը մատնանշէ Ֆոն Վանկընհայմի տուած տեղեկութեան՝ “Գերմանական դեսպանութիւնը կը ցաւի, Ձեզ տեղեակ պահելու, որ ըստ լուրերու, որոնք չէզոք եւ արժանահաւատ աղբիւրներէ ստացած ենք, որ այսպիսի միջադէպեր [կոտորածներ], փոխանակ տեղական պաշտօնէութիւններու կողմէ արգիլուելու, ընդհակառակը՝ կանոնաւոր կերպով անոնց աջակցութեան արժանացած են՝ հայերու տեղահանութեան պարագային, այնպէս որ շատեր, իրենց համար որոշուած նպատակին հասնելէ առաջ մահացած են։ Ի տես այսպիսի պատահարներու, գերմանական դեսպանութիւնը պարտաւորուած է իր պետութեան հրահանգով, այս սոսկալի արարքներուն դէմ բողոքելու եւ հետեւանքներու որեւէ պատասխանատուութիւն իր վրայէն մերժելու։”

Կայսեր դեսպանը այս խօսքերով իր ձեռքերը կը լուար։ Նաեւ Մոնսինիոր Տոլչի անել վիճակի մէջ կը գտնուէր։ Մինչ իրեն օրէ օր նոր տեղեկութիւններ կը հասնէին, զինք յուսահատութեան մատնելով։ Ան, 1915ի օգոստոս 20ին, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Ծիրանաւոր Կասփարրիի կը գրէր “Բարբարոսական բեմադրութիւն մըն է, որ սիրտս կը պատառոտէ եւ զիս սոսկումով կը լեցնէ։” Այս բոլորին ի տես, Տոլչի գիտակից էր իր անօգնական վիճակին։ “Այն ինչ որ ինծի կը հայի – կը գրէ Տոլչի – իմ կարելիս փորձեցի, այս հալածանքը դադրեցնելու։ Բազմիցս այցելեցի Մեծ Վեզիրը եւ արտաքին գործերու Պետական Երկրորդ Քարտուղարը։ Խօսակցութիւններու ընթացքին Մեծ Վեզիրը կաթողիկէ հայերու հանդէպ միշտ բարեացակամութիւն արտայայտեց, նկատելով անոնց՝ իշխանութեան հանդէպ ցուցաբերած հաւատարմութիւնը, եւ խոստացաւ, որ անոնք պիտի յարգուէին։ Սակայն խօսքերուն՝ գործեր չյաջորդեցին։”








All the contents on this site are copyrighted ©.