2015-07-04 11:14:00

Եւրոպական յանձնաժողովը կը զգուշացնէ Յունաստանի հանրաքուէին ընթացքին «Ոչ»-ի յաղթանակէն։


Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Վալտես Տումպրովսքիս զգուշացուց Յունաստանի մէջ վաղը վարկատուներու պահանջներուն կատարման շուրջ տեղի ունենալիք հանրաքուէին ընթացքին «Ոչ»-ի յաղթանակէն` նշելով, որ ատիկա Աթէնքի բանակցային դիրքը պիտի չամրապնդէ, այլ` պիտի տկարացնէ:

Ան նշեց, որ Յունաստանի կացութիւնը այժմ «աւելի վատ է, քան անցեալ շաբաթ», երբ վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս ընդհատեց վարկատուներուն հետ բանակցութիւնները եւ հանրաքուէ յայտարարեց:

Ցիփրաս նշած էր, որ «մենք հանրաքուէէն ետք 48 ժամուան ընթացքին համաձայնութիւն պիտի ունենանք: Դրամատուները պիտի բացուին, երբ գոյանայ համաձայնութիւնը»` աւելցնելով. «Ես պիտի յարգեմ որեւէ արդիւնք եւ պիտի սկսիմ անհրաժեշտ հոլովոյթներուն»:

Մինչ այդ, գերմանական «էն.թի.վի.24» պատկերասփիւռի կայանին պատուէրով կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց կու տայ, որ Աթէնքը Եւրոպական Միութեան կազմին մէջ պահելու օգտին արտայայտուած է գերմանացիներուն 61 առ հարիւրը, իսկ 59 առ հարիւրին կարծիքով` յոյները պէտք է մնան նաեւ Եւրոյի գօտիին մէջ: Հակառակ կարծիքը յայտնած են հարցախոյզի մասնակիցներուն համապատասխանաբար 32 եւ 32 առ հարիւրը:

Նոյն ատեն գերմանացիներուն 41 առ հարիւրը կ՛ենթադրէ, որ հանրաքուէին ընթացքին Յունաստանի քաղաքացիները պիտի քուէարկեն բարեփոխումներու թղթածրարին դէմ, իսկ 44 առ հարիւրը կը կարծէ, որ պիտի յաղթէ «Այո»-ն:

Յունաստանի նկատմամբ Պերլինի քաղաքականութիւնը բացասական կը գնահատէ հարցախոյզի մասնակիցներուն 50 առ հարիւրը, իսկ 40 առ հարիւրը զայն դրական կը նկատէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.