2015-07-04 11:32:00

՝՝Սուրբ Գիրքի ընկերակցութեամբ, քարոզեցէք Յիսուսի տուած նորութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 3 յուլիսին, յետմիջօրէին ժամը 6.-00ին,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի ունեցաւ Ս. Հոգւոյն մէջ նորոգում խարիզմական շարժումի  38-րդ  հաւաքին եզրափակիչ արարողութիւը  ներկայութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի եւ մասնակցութեամբ աւելի քան 35 000 հաւատացեալներուն։

Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Պապ նախ քան հաւատացեալներու  ուղղած  իր պատգամը, արտասանեց հետեւեալ աղօթքը

՝՝Քեզ կը պաշտենք Աստուած Ամենակալ, Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի

Հայր, ուղարկէ մեզի Սուրբ Հոգին զոր Յիսուս խոստացաւ մեզի։ Ան պիտի առաջնորդէ  մեզէ դէպի միութիւն Ան՝ այն Անձն է, որ խարիզմներ կը շնորհէ եւ Եկեղեցւոյ մէջ զանազանութեան մէջ կը գործէ ։ Ան՝ այն Անձն է,  որ  միութիւն կը կազմէ։

Ուղարկէ մեզի Սուրբ Հոգին, որպէսզի ուսուցանէ մեզի  այն ինչ որ Յիսուս սորվեցուց մեզի եւ տուր  մեզի  Յիսուսի ըսածներուն յիշողութիւնը։

Յիսուս, Տէր, Դուն  բոլորիս համար խնդրեցիր  միութեան շնորհքը այս եկեղեցւոյ մէջ որ է քու եկեղեցիդ եւ ոչ թէ մերը։

Մեր պատմութիւնը մեզ բաժանեց։ Յիսուս , օգնէ մեզի ընթանալու համար միութեան ուղիին վրայ կամ ալ զանազանութեան մէջ համերաշխութեամբ ։ Տէր, Դուն միշտ ըրէ ինչ որ մեզի խոստացար. Շնորհէ մեզի  բովանդակ Քրիստոնեաներու  միութիւն։

Աղօթքի աւարտին Նորի Սրբութիւնը արտասանեց իր պատգամը  ապա տեղի ունցեաւ վկայութիւններու փոխանակում։

Հոգեւորականութեան, վկայութեան եւ դաւանանքներու միջեւ եղբայրութեան բնոյթ ունեցող հանդիպումի աւարտին, Ֆրանչիսկոս  Պապ   նախ քան Իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհելը, ներկաներուն ուղղեց սրտաբուխ խօսք մը որուն մէջ ըսաւ ՝՝Սուրբ գիրքերու եւ Աստուծոյ խօսքին ընկերակցութեամբ, քարոզեցէք նորութիւնը որ Յիսուս տուաւ մեզի։ Քարոզեցէք աղքատներուն, մեկուսացեալներուն, կոյրերուն,  հիւանդներուն եւ բանտարկեալներուն։ Սուրբ Հոգին կը գտնուի իւրաքանչիւրին մէջ ՝ եւ կ՝ուզէ որ Զինք օգնենք ,  բանալու համար դռները եւ Զայն վերապրեցնելու։ Թող Տէրը առաջնորդէ ձեզ այս առաքելութեան մէջ, միշտ Սուրբ գիրքը  ձեր ձեռքերուն մէջ , եւ ձեր գրպաններուն մէջ միշտ Աւետարանը, Քրիստոսի խօսքին հետ՝՝։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.