2015-07-03 09:08:00

Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսները այցելեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսին


Պատրիարքական Կառավարիչ  Արհիապատիւ Գրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեան, ընկերակցութեամբ  Պետրոս արքեպիսկոպս Միրիաթեան, Յովհաննէս  եպիսկոպոս Թէյրուզեան,  Միքայէլ եպիսկոպոս Մուրատեան,  Գրիգոր Օգոստինոս  եպիսկոպոս Գուսան, Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթաքեան արհիապատիւ հայրերուն եւ գերապատիւ  Վարդան վարդապետ Գազանճեանի 2 յուլիս 2015, Հինգշաբթի կէսօրին շնորհակալական  այցելութիւն մը տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա․ Կաթողիկոսին, Անթիլիասի կաթողիկոսարան: 
Աւելի քան կէս ժամ տեւած այցելութիւնը ընթացաւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի ներքեւ։ Վեհափառ Հայրապետը անգամ մը եւս իր ցաւակցութիւնը յայտնելէ ետք, անդրադառնալով  Հոգեւոր Տիրոջ հետ ունեցած վերջին հանդիպումներուն մասնաւորաբար Հայաստանի մէջ,  ըսաւ թէ իրեն համար անակնկալ էր Հոգեւոր Տիրոջ վախճանումը։ Գերապայծառ Կապրոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց  Վեհափառ Հայրապետին՝ երջանկայիշատակ Կաթողիկոս Պատրիարքին յուղարկաւորութեան անձամբ մասնակցութեան համար:

Այնուհետեւ տեղի ունեցած խօսակցութիւնը շօշափեց ազգային, լիբանանեան եւ  եկեղեցական հարցեր։ Վեհափառը անդրադարձաւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ ապրիլ 12-ին մատուցուած Պատարագին եւ պատմական այդ իրադարձութեան նախորդող  օրերուն երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տիրոջ հետ ունեցած հանդիպումներուն։  Ապա գերապայծառ Պաթագեան յիշեց  այս ամիս Պիքֆայայի վանքին մէջ տեղի ունենալիք Միւրոնօրհնեքի հրաւէրը զոր երանաշնորհ Հոգեւոր Տէրը ստացած էր  Վեհափառէն։ Գերապայծառը  հրաւէրին համար շնորհակալութիւն յայտնելով Արամ Ա․ Վեհափառին,   փոխանցեց երջանկայիշատակ Հոգեւոր Տիրոջ մեծ ուրախութիւնը երբ ստացած էր հրաւէրը եւ անոր պատրաստակամութիւնը ամպայման մասնակցելու Միւրոնօրհնէքին: 
Եղբայրական այս հանդիպումի աւարտին, նախքան յիշատակի լուսանկարումը, Վեհափառը յաջողութիւն մաղթեց սիւնհոդոսական հայրերուն յոյս յայտնելով որ շուտով ընտրուի նոր Պատրիարքը որպէսզի կարենայ մասնակցիլ Միւռոնօրհնէքին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.