2015-07-03 13:24:00

''Գովեալ ըլլաս'' շրջաբերական թուղթի ՝՝Պրէյլ՝՝ գրութեամբ հրատարակութիւն


Վատիկանի  հրատարակչատունի նախաձեռնութեամբ  եւ Կոյրերու առաքելական շարժումի համագործակցութեամբ,  լոյս պիտի տեսնէ կոյրերու համար Պրէյլ գրութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին Գովեալ ըլլաս շրջաբերական թուղթը։

Պրէյլ Գրութեան ընդօրինակութեան  աշխատանքները կ՝իրականացուին  Պոլոնիայի մէջ գտնուող Սան Ճագոմօ անուան՝  Պրէյլ գրութեան  մասնագիտական կեդրոնին մէջ։

Նշենք, թէ Սան Ժագոմօ ընկերակցութիւնը հիմնուած է 1988-ին, եւ անոր հիմնական  նպատակներէն մին է  կրօնական փաստաթուղթերը  ընդօրինակել  Պրէյլ գրութեամբ որոնց շարքին  Սուրբ գիրքը, եկեղեցական վարդապետութեան հայող գիրքեր ինչպէս նաեւ աղօթագիրքեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.