2015-07-03 09:52:00

Գերմանական արխիւներուն մէջ Կոմիտասի մասին նիւթեր գտնուած են


Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան ջանքերով գերմանական արխիւներուն մէջ սկսած է Կոմիտասի կեանքին վերաբերող փաստաթուղթերու յայտնաբերման եւ ուսումնասիրման գործընթաց:

Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկն ու Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը ձեռնամուխ եղած են այդ գործընթացին: Ուսումնասիրութեան ընթացքին յայտնաբերուած եւ Հայաստան բերուած են քանի մը փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին Կոմիտասի` Գերմանիա ուսանելու շրջանին:

Մասնագէտները եղած են նաեւ Լայպցիգի սաքսոնական պետական արխիւ, ուր կը պահպանուին Եւրոպայի հնագոյն երաժշտական հրատարակչատան փաստաթուղթերը:

Կոմիտասի թանգարան-հիմնարկի գիտական խորհուրդի նախագահ Մհեր Նաւոյեանը նշած է, որ կը շարունակուին գերմանական այլ արխիւներու մէջ ձեռագիրներու, փաստաթուղթերու որոնումները:  «Գերմանական արխիւները շատ են տուժել Երկրորդ համաշխարհային պատերազմից, ափսոս, որ շատ երաժիշտերի մասին արխիւային փաստաթղթեր այդ տարիներին կորել են: Հնարաւոր է, որ կորել են նաեւ Կոմիտասին առնչուող փաստաթղթեր: Այդուհանդերձ, մենք մեր գործը պարտաւոր ենք անել, ստուգել հնարաւոր բոլոր արխիւային հանգոյցներում»,-  ըսած է Մհեր Նաւոյեանը:

«Իսկապէս, շատ դժուար աշխատանք է ոչնչացուած կամ տուժած արխիւներու մէջ 100 տարուան հնութեան փաստաթուղթեր որոնել: Այնուամենայնիւ, յոյս ունինք, որ գերմանական հետազօտական կեդրոններու հետ համատեղ աշխատանքը արդիւնք կու տայ»,- ըսած է Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ փոխդեսպան Նատիա Լիխթենպերկը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.