2015-07-03 09:59:00

''Պետութիւնները միացեալ ճակատ կազմելու են ահաբեկչութեան դէմ''`Գերապայծառ Թոմազի։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Միջազգային գետնի վրայ, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը, որպէս առաջին նախընտրութիւն ունենալու է զոհերը եւ ոչ թէ ֆինանսական, քաղաքական ու գաղափարախօսական շահերը'', յայտարարած է գերապայծառ Թոմազի` ՄԱԿի Ժընեւի կեդրոնին մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտը, Մարդկային Իրաւունքի խորհուրդի 29-րդ նիստին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ, որուն գլխաւոր նիւթն է ահաբեկչութեան հետեւանքները անհատի կեանքի ու պետութիւններու վրայ։ Զանազան խումբերու ահաբեկիչները զէնքի ոյժով ահ ու սարսափ կը ցանեն անմեղ քաղաքացիներուն մօտ։ 2000 թուականէն այսօր ահաբեկչութիւնը 500 տոկոսով բազմացած  է։ Միմիայն 2013-ին Իրաքի, Աֆղանիստանի, Փաքիստանի,Նիճերիայի ու Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութիւնը 182 տոկոսով բազմացած է եւ երեւոյթը պիտի վատթարանայ եթէ միջազգային հասարակութիւնը չկարողանայ կազմել մէկ ճակատ ահաբեկչութեան դէմ։ Հոն ուր ոտք դրաւ ահաբեկչութիւնը  ընկերային ու մշակութային անդարմանելի վնասներ բերաւ,  որուն հետեւանքով ապագայ սերունդները պիտի տուժեն'' յայտնեց Վատիկանի դիւանագէտը ընդգծելով  հարկաւորութիւնը առաջնահերթութիւն տալու ահաբեկչութեան թիրախ դարձած զոհերուն։

‘’Կամ Պետութիւնները միացեալ ճակատ կը կազմեն եւ կամ ահաբեկչութիւնը կը տարածուի’’ յայտարարած է ՄԱԿի մօտ Ս. Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Թոմազի ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.