2015-07-03 10:48:00

2015 տարին կրօնաւորական կեանքի տարի


Անցեալ հաղորդումին մէջ սկսանք խօսիլ քահանային սպառնացող երկրորդ վտանգի մասին, որ քահանային կեանքին մէջ կու գայ տարիներու շարանէն: Ուստի երիտասարդ քահանան կրնայ գտնուիլ իրմէ աւելի տարեց քահանաներու ընկերութեան մէջ, որոնք թէեւ բարի վարդապետներ են, բայց լայն ու դիւրին կեանքի սովորութիւններ ու վարժութիւններ ստացած են: Իր առաջին եռանդը կը պաղի եւ հին մարդը կը վերածնի իր մէջ: Կ՛ըլլայ երբեմնի մարդը եւ հին սովորութիւնները զինքը կը պաշարեն հակազդեցութեան զօրաւոր օրէնքով:

                Սկսած էր հաստատուն առաջադրութեամբ հետեւելու Յիսուսի խորհուրդներու ճամբուն եւ ձգտելու բարձր կատարելութեան եւ սակայն կ՛իջնէ մինչեւ Աստուծոյ պատուիրաններու պարզ գործադրութեան: Ետ չ՛առներ իր բարի որորշումները, բայց, յաճախ զանց կ՛ընէ անոնց գործադրութիւնը: Անոնք կ՛ապրին տակաւին իրենց առաջին եռանդի աւերակներու մէջ որպէս պարզ ծրագիրներ եւ կամ որպէս պարզ ու թէական խոստումներ, որոնք ինքն իրեն ըրած է լայնօրէն եւ պայմանաւ գործադրելու զանոնք կարելի եղած ժամանակ միայն:

                Չի նսեմացներ իր նպատակը, ու պաշտօնական դասալքութեամբ չ՛ուրանար իր դրօշակը, բայց կ՛ապրի իր մակարդակէն շատ ցած մակարդակի մը վրայ ու ժամանակով հոն կը հասնի, ուր չի լսեր իր խղճի յանդիմանող ձայնը:

                Այսպիսի քահանայ մը կրնայ պահել տակաւին կեանքի ուղեգիծին ատաքինը եւ օրակարգը, բայց ներքին կեանքը վայրէջքի մէջ է: Այլեւս քիչ կը գործէ ներգործական դիտաւորութեամբ, երբեմն զօրութենական դիտաւորութեամբ եւ շատ յաճախ կը գործէ ունակական դիտաւորութեամբ: Երբեք զանց չ՛ըներ պատարագը, չի բացակայիր իր խոստովանարանէն, ու չ՛անհոգանար այցելելու հիւանդներուն, բայց գործելու ժամանակ մաքուր ու խանդոտ դիտաւորութիւնը նուազած է մէջը: Ան հաւատարիմ ու ճշդապահ է ունակաբար, բայց տակաւ անգիտակցօրէն կը գործէ: Ժամերգելու ատեն շրթները մեքենաբար կ՛ըսեն աղօթքները, բայց հոգին բացակայ է անոնց իմաստէն: Սաղմոսները կ՛ըսէ մէկը միւսին ետեւէն առանց ուշադրութեան. ու երբ վերջացնէ, չի կրնար ոչ իսկ տուն մը վերյիշել: Նոյնպէս է նաեւ վարդարանի խորհուրդներուն հետ ու պատարագի ատեն «Յիշեա»ներու պահը ցրուածութեան առատ աղբիւր մըն է իրեն համար: Այն ատեն օտար մտածութիւններ կը խուժեն մտքին մէջ, կարծես երկու մարդիկ գտնուէին իր մէջ, զբաղած մարդ մը եւ պատարագող մարդը: Պատարագի խորագիրներուն ճշգրտօրէն կը հետեւի, սակայն արտաքին մտահոգութիւնները կը կլանեն զինք ու կ՛արգիլեն որ թափանցէ բառերու իմաստներուն մէջ: Այս ձեւով կ՛ընթանայ նաեւ խոստովանարանի մէջ. Զբաղած է միտքը ուրիշ բաներով, ու կ՛արձակէ ցրուածութեամբ: Նմանապէս հիւանդներու եւ մահամերձներու սնարին մօտ արարողութիւններու մէջ ճշդապահ է, առանց սակայն սրտին մէջ բառ գտնելու որ մխիթարէ հիւանդը, քաջալերէ, եւ կամ զղջումի եւ յոյսի առաջնորդէ:

                Այս քահանան ներքնապէս կրնայ բարի ըլլալ, օրինակելի իր կեանքին մէջ, բայց ցամքած հոր մըն է եւ, ինչպէս կ՛ըսէ Յակոբոս առաքեալ, անջուր ամպ մըն է: Մէջը չկայ զովացուցիչ ոյժ մը յոգնած ու ծարաւ հոգիներու համար եւ անոնք որ իր մէջ կը փնտռեն կեանքի եւ մխիթարութեան աղբիւր մը, չեն գտներ:

Շարունակելի...

 








All the contents on this site are copyrighted ©.