2015-07-02 09:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապին սեպտեմբերին կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան հանգրուանները։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի մամլոյ գրասենեակը լրագրողներուն պարզելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախ Քուպա եւ ապա ԱՄՆ առաքելական  ճամբորդութեան ինը օրերու  յայտագիրը,  մատնանշեց որ այցելութիւնը  պիտի ըլլայ հանդիպումներով ջերմ, ժամադրութիւններով խիտ, ճառերով լեցուն ու ծիսակատարութիւններով հարուստ։

Նորին Սրբութեան մեկնումը նախատեսուած է շաբաթ 19 Սեպտեմբեր 2015-ին, Հռոմէն ուղղակի դէպի Հավանա։

Կիրակի օրը, Ֆրանչիսկոս Պապը,  մայրաքաղաքի յեղափոխութեան հրապարակին վրայ պատարագ պիտի մատուցէ։ Ծիսակատարութեան աւարտին պաշտօնական այցելութիւն պիտի կատարէ Պետական Խորհուրդի նախագահ Ռաուլ Քասթրոյին։ Յետ միջօրէին  կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ թեմին կղերին, կրօնաւորներու, կրօնաւորուհիներու ու ժառանգաւորներուն ապա օրուան յայտագիրը կ՛եզրափակէ ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն` Հայր Félix Varela մշակութային կեդրոնին մէջ։

Երկուշաբթի 21 Սեպտեմբեր, Նորին Սրբութիւնը կը մեկնի Holguin, ուր պատարագ կը մատուցէ­, նախքան Սանթիակօ փոխադրուիլը` ուր եւ կը գիշերէ։ Երեքշաբթի 22 սեպտեմբերին, Մեծն սուրբ Բարսեղի դպրեվանքին մէջ, Սրբազան Հայրը  հանդիպում կ՛ունենայ եպիսկոպոսներուն հետ եւ ապա անմիջապէս կ’ուղղուի “Virgen de la Caridad del Cobre” մարեմեան սրբավայրը, ուր եպիսկոպոսներուն ու շքախումբին հետ միասին պահ մը աղօթք կը կատարէ։

Սանթիակոյի օդակայանին մէջ կատարուած ողջերթի արարողութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը կ՛ուղղուի դէպի Ուաշինկթոն, որ Միացեալ Նահանգներու այցելութեան առաջին հանգրուանը կը հանդիսանայ։ Ուաշինկթոնի զինուորական օդակայան ժամանումին, տեղի կ’ունենայ պաշտօնական ընդունելութիւն, մինչ բարի գալուստի արարողութիւնը տեղի կ’ունենայ յաջորդ օրը 23 Սեպտեմբերին, Սպիտակ Տան մէջ որուն կը յաջորդէ ԱՄՆի նախագահ `Պարաք Օպամային այցելութիւն։

Սրբազան Քահանայապետը քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում կ’ունենայ ԱՄՆի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին հետ։ Յետմիջօրէին Ան կը հանդիսապետէ երանացման պատարագը Աստուծոյ ծառայ հայր Junipero Serra-ի­, Անարատ Յղութեան ազգային Սրբավայրին մէջ։ Հինգշաբթի 24 Սեպտեմբերին Ֆրանչիկսոս Պապը  յաջորդաբար կ՛այցելէ ԱՄՆ-ի Ազգային Խորհուրդը, Սուրբ Բաթրիքի ժողովրդապետութեան Քարիթասի կեդրոնը, ուր նախատեսուած է տեսակցութիւն մը անօճախներու հետ, հուսկ մեկնում դէպի Նիւ Եորք, ուր օրը կ’եզրափակէ երեկոյեան ժամասացութեամբ Ս. Բաթրիք աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ թեմի կղերին, կրօնաւոր-կրօնաւորուհիներուն եւ ժառանգաւորներուն։

25 Սեպտեմբերին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այցելութիւն կը կատարէ ՄԱԿի կեդրոնին ապա  նախատեսուած են միջկրօնական հանդիպում Memorial di Ground Zero-ի մէջ, այցելութիւն ‘’թագուհի Առաքելոց Տիրամօր’’ դպրոցին, Հարլեմի մէջ հանդիպում գաղթական ընտանիքներու ու պատանիներու հետ։ Ժամը 18-ին բացօթեայ ս­. պատարագ Madison Square Garden-ի մէջ։

Շաբաթ 26 Սեպտեմբերին, Սրբազան Հայրը նախ պատարագ կը մատուցէ Բենսիլվենիա մարզի եպիսկոպոսներու ու կղերին հետ ս. Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու նուիրուած մայր տաճարին մէջ, ապա կ’ուղղուի դէպի ֆիլատելֆիա, ուր յետմիջօրէին նախատեսուած է սպանախօս համայնքին ու այլ գաղթականներու հետ հանդիպում։ Հուսկ կ’ուղղուի դէպի B.Franklin Parkwau մասնակցելու  ընտանիքի համաշխարհային  հանդիպումի տօնակատարութեան ու հսկումի աղօթքին։ Վերջին օրը` կիրակի 27 Սեպտեմբերին, Սրբազան Հայրը հանդիպում կ’ունենայ ընտանիքի համաշխարհային 8-րդ ժողովին մասնակցող եպիսկոպոսներուն հետ­­, Գարլօ Պոռոմէօ դպրեվանքին մէջ, ապա այցելութիւն կը կատարէ Correzione Curran-Fromhold բանտին։ Հուսկ կը հանդիսապետէ  ընտանիքի համաշխարհային 8-րդ հաւաքին եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը։

Ֆիլատելֆիայի օդակայանին մէջ, նախքան ողջերթի արարողութիւնը­, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը  կ’ողջունէ Ընտանիքի հաւաքին կազմակերպիչ կոմիտէն, կամաւորները ու բարերարները ապա կը մեկնի դէպի Հռոմ ուր անոր ժամանումը նախատեսուած է 28 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 10-ին Չամբինօ օդակայան։








All the contents on this site are copyrighted ©.