2015-07-01 14:36:00

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ցաւակցական պատգամը Ներսէս Պետրոս ԺԹ-ի թաղման առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Հանգուցեալ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Կաթողիկոսի թաղման առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատգամ մը յղած է Գրիգոր Եպիսկոպոս Ղապրոյեանին՝ Կառավարիչ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան։

Սրբազան Պապը իր պատգամին մէջ կը գրէ՝

“Մեծ Կսկիծով ընդունեցի մեր սիրելի եղբօր ի Քրիստոս, Նորին Երջանկութիւն Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունիի, Կիլիկիոյ Հայոց Պատրիարքի վերադարձը Հօր տունը։ Իմ սրտիս մէջ կը պահպանեմ իր հետ հանդիպմանս յիշատակը, ընկերակցութեամբ սոյն Պատրիարքական Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական եպիսկոպոսներուն եւ հաւատացեալներուն՝ Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակութեան եւ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումին առիթով։ Այդ ձեռնարկները, Ս. Պետրոս Առաքեալի մասունքներուն մօտ, կ՛ամբողջացնէին ձեր Գլխաւորին եւ Հօր երկար եւ հաւատարիմ ճանապարհը։

Ան, ամենէն առաջ, խորապէս խարսխուած էր Վէմին վրայ, որ է Քրիստոս։ Ան գիտակցեցաւ, որ ամենէն արժէքաւոր գանձը, որ եպիսկոպոս մը կոչուած է մատակարարելու՝ հաւատքն է, որ կը յառաջանայ առաքելական քարոզութեամբ։ Երանաշնորհ Հոգեւոր Տէրը միշտ աշխատեցաւ հաւատքի տարածումին համար, յատկապէս կղերի մնայուն կազմաւորմամբ, որպէսզի, նոյնիսկ դժուարին պայմաններու մէջ, Աստուծոյ ծառաները նորոգեն իրենց հաւատարմութիւնը հանդէպ Քրիստոսի՝ մարդկութեան միակ յոյսը եւ մխիթարութիւնը։

Ան ճիգ թափեց որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ կրած տառապանքի յիշատակը կատարուի արժանավայել կերպով, վերածուելով աստուածային շնորհքի միջոցառումի մը, նկատելով նահատակներու եւ վկաներու օրինակը, եւ միաժամանակ ստանալով Աստուծոյ մխիթարութեան եւ հաշտութեան բալասանը, որ միայն կարող է բուժել հոգիներու եւ ժողովուրդներու ամենախոր վէրքերը։

Ներսէս Պատրիարք վերջապէս կարողացաւ ուրախանալ բոլոր հայ ժողովուրդին հետ միասին, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումին առիթով։ Ան միշտ փափաքեցաւ, որ այս մեծ սուրբին հոգեւոր ազդեցութիւնը օրինակ հանդիսանայ հովիւներու եւ հաւատացեալներու, ապահով ըլլալով, որ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի միջոցաւ իւրաքանչիւրը պիտի կարենայ ճանչնալ այն հրաշքները, որոնք Տէրը կարող է կատարել այն սրտերուն մէջ, որոնք կը բացուին Իրեն, առօրեայ պարզութեամբ եւ խոնարհութեամբ։

Կը հրաւիրեմ, որ յիշատակենք Ներսէս Պատրիարքի մեզի թողած եռեակ ժառանգութիւնը, եւ խնդրենք Սուրբ Հոգիէն, որ շարունակէ նորոգել Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դիմագիծը, հովիւներու եւ հաւատացեալներու նուիրումին շնորհիւ։ Ողորմութեան Հօր կը վստահինք բոլոր նեղութիւնները, որոնք առընչուած են դէպի յաւիտենական Հայրենիք ճանապարհորդող ուխտաւորի սահմանափակումներուն եւ տկարութիւններուն հետ։

Գերերջանիկ Հոգեւոր Տիրոջ ընտանիքին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը մասնակցին անոր թաղման, սրտանց կու տամ Առաքելական Օրհնութիւնը, հայցելով  Աստուածամօր պաշտպանութիւնը եւ Տիրոջ յանձնելով մեր եղբօր Ներսէս Պետրոսի հոգին։








All the contents on this site are copyrighted ©.