2015-07-01 11:43:00

''Անձերն ու երկրագունդը առաջին գիծին վրայ, ուղեգիծը փոխելու հրամայականը'' գիտաժողովի ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 1 յուլիս 2015-ի առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մօտ, ներկայացումը կատարուեցաւ ''Անձերն ու երկրագունդը առաջին գիծին վրայ, ուղեգիծը փոխելու հրամայականը'' բնաբանով գիտաժողովին, որ  կազմակերպուած է Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդի եւ բարգաւաճումի ոչ-կառավարական կաթողիկէ միջազգային մարմիններու ջանքերով։

Վերոյիշեալ մամլոյ ասուլիսը ներկայացուցին

- Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն` նախագահը Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին,

- Գրագէտուհի Նաումի Քլէն, որուն վերջին հրատարակութիւնն է  ''յեղափոխութիւնը պիտի փրկէ մեզ''

- Փրոֆ Օթթմար Էտընհոֆըր եւ Տիար Պրէնտ Նիլլըս ընդհանուր քարտուղարը բարգաւաճումի կաթողիկէ մարմիններու միջազգային Ուխտին։

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ  ''կենսավայել ապրելակերպի''  “Change for the Planet - Care for the People” արշաւը։

Վերոյիշեալ գիտաժողովը ներշնչուած եւ հիմնուած է Ֆրանչիսկոս Պապին ''Լաուտաթօ Սի – Գովեալ ըլլաս'' շրջաբերականի ուսուցումին վրայ, մեկնելով այն հարցումէն թէ ինչպիսի՞ աշխարհ մը կ՛ուզենք թողուլ մեզմէ վերջ եկողներուն  ու յատկապէս մանուկներուն որոնք կ՛աճին ու կը մեծնան։

Այս առթիւ ունեցած ելոյթին մէջ Կարդինալ Թուրքսոն երկարօրէն անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի շրջաբերականին ու անոր պարունակութեան ու խօսքին աւարտին յայտնեց թէ ''հրամայական է ընթացքը փոխել''  ոչ միայն տնտեսական, գիտական եւ արուեստագիտական գետնի վրայ, այլեւ մեր մտքերուն ու մեր սրտերուն մէջ, աւելի պատասխանատու մօտեցում մը ունենալով երկու հարցերու նկատմամբ. ապականումի նուազեցումը եւ աղքատ երկիրներու ու տարածաշրջաններու զարգացումը։

Այս առընչութեամբ կարդինալը հիմնուելով միշտ Ֆրանչիսկոս Պապին շրջաբերականին վրայ հաստատեց թէ այս բարեփոխումները կարելի կ՛ըլլան միայն երբ կը փնտռուին այլ ուղիներ հասկնալու տնտեսութիւնն ու առաջընթացը։
''Անձերն ու երկրագունդը առաջին գիծին վրայ, ուղեգիծը փոխելու հրամայականը'' վերտառութեամբ Գիտաժողովը տեղի կ՛ունենայ Հռոմի Օգոստինեանում քահանայապետական համալսարանին մէջ 2 եւ 3  Յուլիս 2015-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.