2015-07-01 09:22:00

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս Ժթ. Կաթողիկոս Պատրիարքի թաղման կարգը եւ յուղարկաւորութիւնը


Երանաշնորհ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ.  Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ ՀայոցԿաթողիկոս  Պատրիարքին  թաղումը եւ յուղարկաւորութիւնը, որոնք տեղիունեցան  30 յունիս 2015,  երեքշաբթի յետմիջօրէի ժամը 4.00-ին, ՍուրբԳրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա աթոռանիստ Եկեղեցւոյ եւ Սրբոյ Կուսին Աւետման Եկեղեցւոյ մէջ՝  հանդիսացան  վկայութիւնը այն յարգանքին,սիրոյն եւ համարումին զորս համայն  կաթողիկէ աշխարհը, Արեւելեան եկեղեցիները, Հայութիւնը եւ Լիբանան յանձին  երջանկայիշատակ Հայրապետին կը տածեն հանդէպ  Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ համայնքին։

Արդարեւ, երանաշնորհ Հայրապետի թաղման եւ յուղարկաւորութեան աթոռանիստ  եկեղեցին  եւ մինչեւ եկեղեցւոյ գաւիթը լեցնող հաւատացեալներու բազմութեան առաջին շարքերուն վրայ կը գտնուէին Վատիկանի Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի  վարիչ  կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի,  Լիբանանի մօտ Պապական ՆուիրակԿապրիելէեպիսկոպոս Քաչիա, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի  ներկայացուցիչ՝ Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան ընկերակցութեամբ  Լիբանանի եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպաններ Աշոտ Քոչարեանի եւ  Միքայէլ Մինասեանի, Լիբանանի խորհրդանի նախագահ  Նեպիհ Պըրրիի եւ  վարչապետ Թամամ Սալամի ներկայացուցիչներ երեսփոխան Միշէլ Մուսա եւ  նախարար Ալէն Հաքիմ,  Լիբանանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Միշէլ Սլէյման, Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ եպիսկոպոսներու Խորհուրդի  նախագահ կարդինալ Պշարա Ռաի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.,  Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.ի ներկայացուցիչ սրբազան հայրեր, տարբեր համայնքներու  պատրիարք եւ առաջնորդ հայրեր,  նախարարներ,  երեսփոխաններ,   լիբանանեան եւ հայկական կուսակցութեանց եւ կազմակերպութիւններու,  մամուլի, բանակի եւ ապահովութեան  ուժերու հրամանատարներունն երկայացուցիչներ եւ երջանկայիշատակ Կաթողիկոս Պատրիարքի հարազատներ։

Եկեղեցւոյ  մայր դրան երկու կողմերը ծածկուած էին պետական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու ու կազմակերպութիւններու կողմէ ղրկուած  ծաղկեպսակներով։  Պատրիարքները  եւ պետականներ կայացուցիչները կը դիմաւորուէին ՀԿՄ Զալքայի շեփորախումբին  եւ պատուի կանգնած հայ կաթողիկէ սկաուտներուն ու պատանիներուն կողմէ։

Երանաշնորհ Հայրապետին մարմինը ամփոփող  դագաղին ժամանումը դիմաւորուեցաւ յուզումնախառն լռութեամբ, մինչ Զալքայի ՀԿՄ.ի շեփորախումբը կը հնչեցնէր Շոփենի մահերգը։ Ան ուսամբարձ փոխադրուեցաւ մինչեւ խորան, ուր դիմաւորուեցաւ հանդիսաւորապէս զգեստաւորուած սիւնհոդոսական հայերուն կողմէ,  գլխաւորութեամբ  Պատրիարքական Կառավարիչ  Արհիապատիւ ԳրիգորԵպիսկոպոս  Կապրոյեանին  կողմէ, մինչ պատրիարքական Կռունկ երգչախումբը կը հնչեցնէր թաղման եւ յուղարկաւորութեան կարգին յատուկ հայկական հոգեպարար շարականներ։

Թաղման եւ յուղարկաւորութեան մեծաշուք արարողութեանց աւարտին,  յանուն Հայ կաթողիկէ Սիւնհոդոսին դամբանականը արտասանեց  արհիապատիւԳրիգոր եպիսկոպոս Կապրոյեան։  Ան ըսաւ թէ «լուսահոգի Հայրապետին այնքան  անակնկալ բաժանումով  իր հօտէն, Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կը կորսնցնէ ոչ միայն քաջարի ու պարտաճանաչ Առաջնորդ մը, այլ նաեւ անձնուէր հայր մը եւ օրինակելի եկեղեցական մը, հաւատարիմ ծառան իր աստուածային Վարդապետին, բարի օրինակ հանդիսանալով իր եպիսկոպոս եղբայրներուն ու  քահանայ գործակիցներուն համար»։

Ապա դամբանախօս գերապայծառը անդրադարձաւ  Լուսահոգի Հայրապետի համայնքային կառոյցները վերակազմակերպելու եւ վերաշխուժացնելու աշխատանքին, նշելով որ ան յատուկ կարեւորութիւն ընծայեց աշխարհական դասի  մասնակցութեան եկեղեցւոյ կեանքին ու գործունէութեան։ «Ան  ոյժ տուաւ ծիսական,հովուական, միջեկեղեցական, քրիստոնէականի ուսուցման, հաղորդակցական, կոչումներու եւ այլ եկեղեցական գործունէութիւններուն» ըսաւ դամբանախօս գերապայծառ հայրը, նշելով որ լուսահոգի Հայրապետը ջանք չխնայեց բոլոր յարանուանութիւններուն հետ մնայուն ու սերտ կապ պահելու ուղղութեամբ, այն հաստատ համոզումով որ «մեր ժողովուրդին գերագոյն բարիքը կը պահանջէ որ անոր Առաջնորդները ձեռք  ձեռքի տան, մանաւանդ երբ Ազգին վերաբերեալ վճռականհարցեր կան»։ Գերապայծառ Կապրոյեան ըսաւ որ  երանաշնորհ Հայրապետը ամէն բանէ առաջ եւ վեր հոգեւոր կեանքի մարդ էր։ Հաւատացող մը աղօթքի ոյժին։  Ան կը գիտակցէր ծէսին ու ծիսական կեանքի կարեւորութեան Աստուծոյ ժողովուրդի սրբացման համար։ Նշելով երջանկայիշատակ Հայրապետին յամառ աշխատողի յատկանիշը, դամբանախօս Հայրը անդրադարձաւ անոր մշակած ու հետապնդած ծրագիրներուն, ճանապարհորդութիւններուն, այցելութիւններուն։ Ան նշեց որ երանաշնորհ Հայրապետին հետեւողական աշխատանքին կը պարտինք  Սուրբ Գրիգոր ՆարեկացիինՏիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակումը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած սուրբ Պատարագին մատուցումը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կողմէ ապրիլի 12-ին։

Այնուհետեւ դամբանականը  արաբերէնով ընթերցեց արհիապատիւ Յովհաննէս եպիսկոպոս Թէյրուզեան։  Ապա, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ցաւակցագիրը կարդաց կարդինալ ԼէոնարտօՍանտրի (Ցաւակցագիրը կու տանք առանձին)։Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Եղիա աթոռանիս եկեղեցւոյ աւագ ժողովրդապետ գերյարգելի Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան խօսք առնելու հրաւիրեց մարոնիթ եկեղեցւոյ Ռաի Կարտինալ Պատրիարքը, որ Լիբանանի կաթողիկէ պատրիարքներու ու եպիսկոպոսներու Խորհուրդին անունով  ցաւակցութիւն յայտնելէ ետք Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, անդրադարձաւ երջանկայիշատակ Հայրապետի հոգեւոր արժանիքներուն եւ ծառայողական ոգիին։ Ապա, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ցաւակցագիրը կարդաց հայր Մաշտոց վարդապետ Զահթէրեան (Ցաւակցագիրը կու տանք առանձին)։ Որմէ ետք,  Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանուշ Յակոբեան կարդաց նախագահ Սերժ Սարգսեանի ցաւակցագիրը, ուր ըսուած է մասնաւորաբար.«Լինելով  եռանդուն եւ հոգեւոր գործիչ՝ տարիներ շարունակ նա մեծ դերակատարում ունեցաւ սփիւռքում հայապահպանութեան,  հոգեւոր-մշակութացին կեանքի աշխուժացման, հայրենիք սփիւռք համակողմանի կապերի խորացման եւ սերտացման գործում։

Կաթողիկոս Պատրիարքը, որպէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համակարգող պետական յանձնաժողովի անդամ, իր մեծ եւ արդիւնաւէտ մասնակցութիւնը բերեց յանձնաժողովի աշխատանքների պատշաճ կատարմանը։«Խորին ցաւակցութիւն եմ յայտնում ականաւոր հոգեւոր առաջնորդի եւ  հայ ժողովուրդի  արժանաւոր զաւակի մահուան կապակցութեամբ»։

Թաղման կարգը աւարտեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ արհիապատիւ հայր Գրիգոր  եպիսկոպոս Կապրոյեանի աղօթքով եւ օրհնութեամբ։

Աւարտին,  Արհիապատիւ Կապրոյեան եւ սիւնհոդոսական հայրերը տեղւոյն վրայ ընդունեցին ներկայ Պատրիարքներուն  եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն ցաւակցութիւնները,  մինչ կը կազմուէր երանաշնորհ Հայրապետին մարմինը ամփոփող դագաղին փոխադրութիւնը իր վերջին հանգստավայրը՝ Աւետման Սրբոյ Կուսին Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ թաղումը  պատրիարքներու դամբարանին մէջ  համաձայն իր ցանկութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.