2015-07-01 10:26:00

Սիրտ Յիսուսի Խոստումները - Իրենց ընտանեկան խաղաղութիւն պիտի տամ


Վրէժխնդրութեան ոգին եւ կամ արեան օրէնք ըսուածը` ողբալի շղթայ մըն է, որով սատանան պարաւանդած է խեղճ ալպանացի ժողովուրդը: Մարդիկ անձամբ  իրենց իրաւունքը կը պաշտպանեն, դիմելով զարհուրելի եւ վայրենի միջոցներու:

         Հրացանը գրեթէ միշտ իր ուսին է ու զայն կը գործածէ ոչ միայն մաքրելու համար բարեկամի մը կամ ազգականի մը սպանիչին հաշիւը, այլ շատ անգամ նաեւ չնչին պատճառներով: Անարգանք մը, բաւական կ’ըլլայ որ հրացանի դիմեն ու… նշան առնեն: Ամէն մէկ Ալպանացի որ կը սպաննէ իր թշնամին կամ զինք անարգողը, մաքրած կ’ըլլայ իր անպատուութիւնը եւ այնուհետեւ կ’ըլլայ հերոս մը. անմիջապէս ընդհանուր գովասանքի կ’արժանանայ, եւ ուր որ ալ փախչի, ապաստան եւ օգնութիւն կը գտնէ: ՈՒ եթէ պատահի որ Ալպանացի մը առիթ չէ ունեցած որեւէ մէկն սպաննելու, կը տխրի եւ անմխիթար կը մեռնի:

         "Ա՜խ, Հա՛յր", կը գոչէր մահամերձ երիտասարդ մը, զինքը մխիթարող քահանային.

         "ա՜խ, Հա՛յր, կը մեռնիմ երիտասարդ եւ անպատիւ":

         "Ինչո՞ւ համար անպատիւ":

         "Որովհետեւ բնաւ առիթ չունեցայ մէկն սպաննելու":

         Այսպիսի ողբալի կացութեան մը վերջը բերելու էր: Յիսուսի Ս.Սիրտը միայն կրնար ազդու օրէն միջնորդել: Ան ամենակարող եւ հրաշագործ է միանգամայն: Յիսուսի Սիրտը ամէն բան կրնայ ընել. Անոր ձեռքին մէջ են մարդկային սրտերը, զանոնք կը կակուղցնէ եւ կ’ազատէ ատելութեան պոռթկումներէն ու վրիժառու ցանկութիւններէն, եւ անոնց փոխարէն քրիստոնէական սէր ու ներողամտութիւն կը ներարկէ:  Այս բոլորը պէտք է սակայն վերագրել Սիրտ Յիսուսի ջերմեռանդութեան. ի մասնաւորի բազմաթիւ ոսկեղէն վարդարաններուն, որոնք Սիրտ Յիսուսի աղօթքի ընկերակցութեան անդամները եռանդով կը կատարեն:

         Թերեւս հարցնէք. ի՞նչ է այս Սիրտ Յիսուսի ոսկեղէն վարդարանը: Սովորական վարդարանի նման է, միայն թէ երգախառն, Ժողովուրդը երկու խումբի կը բաժնուի - չափահասներ  ու փոքրեր – իրենց ձեռքը վարդարան, կը սկսին աղօթել երգելով եւ ամէն մէկ Հայր մեր-ի առջեւ սլացական մը ըսելով:

         Այսպէս. Փոքրերը կ’ըսեն.

          "Ո°վ, Հա°յր յաւիտենական, Քեզի կը նուիրեմ Յիսուսի թանկագին Արիւնը":

         Չափահասները կը պատասխանեն.

          "Ի քաւութիւն իմ մեղքերուս եւ վասն սուրբ Եկեղեցոյ":

          Վարդարանի տաս ողջոյններու հետ փոքրերը կ’երգեն.

          "Յիսուս, սրտով հեզ եւ խոնարհ":

         Չափահասները կը պատասխանեն.

          "Ըրէ իմ սիրտս նման քու սրտիդ":

          Փոխանակ Փառք Հօր-ի  կ’երգեն.

          "Քաղցր սիրտ Մարեմայ, եղիր իմ փրկութիւնս":

         Իսկապէս, ժողովուրդին ըմբռնողութեան ու կարիքներուն համապատասխանող շատ յարմար աղօթելակերպ մըն է: Այս աղօթքը երկար չէ, դիւրաւ միտք կը պահուի ու ներողութիւններով օժտուած է: Երանի~ թէ ո'չ միայն Ալպանիոյ, այլ եւ աշխարհի ամէն կողմը տարածուէր. արդիւնքը շատ գոհացուցիչ ու մխիթարական կ’ըլլար:








All the contents on this site are copyrighted ©.