2015-07-01 10:10:00

Հայ Իրաւաբանական Միութեան յայտարարութիւնը Երեւանի ցոյցերուն մասին։


ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ իրաւաբանական միութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակած է Երեւանի մէջ շարունակուող ցոյցերուն մասին՝ շեշտելով, թէ խաղաղ ցոյցերը պէտք չէ արգիլուին եւ ցուցարարներուն ձայնը պէտք չէ լռեցնել, որովհետեւ քաղաքացիները իրաւունք ունին ազատօրէն արտայայտուելու եւ հաւաքներ կազմակերպելու։

Հայ իրաւաբանական միութիւնը դատապարտած է յատկապէս Յունիս 23ին, Երեւանի մէջ ոստիկանութեան կողմէ ուժի չափազանց օգտագործումը, որ խոտոր կը համեմատի հանրութեան նկատմամբ իշխանութեանց ստանձնած պարտաւորութիւններուն։

Հայ իրաւաբանական միութիւնը՝ խոստանալով մօտէն հետեւիլ իրադարձութեանց, կոչ ըրած է հայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, որ միասնաբար իշխանութեանց վրայ ճնշում բանեցնեն, իրադարձութեանց անկախ, ամբողջական եւ թափանցիկ հետաքննութիւնը ապահովելու համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.